Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բողոքի Ցոյցեր՝ Նիւ Եորքի Եւ Պոսթընի Մէջ

Յուլիս 27, 2020
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խաղաղ ցոյց՝ Ատրպէյճանի դեսպանատան մուտքին

«Հայրենիք» Նիւ Եորք, Պոսթըն.  Շաբաթավերջը բեղուն եղաւ ամերիկահայ երիտասարդութեան համար, որ ցոյցեր կազմակերպեց՝ յուլիս 12 -էն ի վեր Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանագիծի (յատկապէս Տաւուշ)  հայկական դիրքերուն եւ բնակավայրերուն վրայ  Ազրպէյճանի կատարած յարձակումներուն դէմ բողոքելով:

Արդարեւ, Նիւ Եորքի մէջ ուրբաթ, 24 յուլիսին ազրպէյճանցի եւ թուրք ցուցարարներ անակնկալ հաւաք մը կազմակերպած էին ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մուտքին: Անոնց դէմ յանդիման եկաւ նիւեորքահայութիւնը՝ պաշտպանելով կառոյցը եւ ետ մղելով խուժան ցուցարարները: Ոստիկանութիւնն ալ վրայ հասնելով, կրցաւ տէր դառնալ կացութեան:

Փոխադարձ, կիրակի, 25 յուլիսին Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի հայութիւնը, իր կարգին խաղաղ ցոյց մը կազմակերպեց ՄԱԿ-ի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան մուտքին:  Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւողութիւն ունեցող այս հաւաքին մասնակցեցան շուրջ 250 ցուցարարներ: Ներկայ էին պատանիներ, երիտասարդներ եւ նոյնիսկ տարեցներ, ինչպէս նաեւ յոյներ, որոնք իրենց զօրակցութիւնը բերին այս խաղաղ ցոյցին:

Նիւ Եորքի Հայաստանի դեսպանատան մուտքին

Լաւապէս կազմակերպուած այս հաւաքին, խօսք առին ՀԵՄ-ի անդամներ, որոնք բռնօրէն քննադատեցին ազերի բանակին սադրանքն ու կոյր ռմբակոծումները: Ներկայ էր Միացեալ Նահանգներու արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանը, ընկերակցութեամբ Նիւ Եորքի  Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանի եւ Նիւ Ճըրզիի հովիւ՝ Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեանի:

Աւարտին, «Կիլիկիա» խմբերգով, ցուցարարները հեռացան Ազրպէյճանի դեսպանատունէն:

Միւս կողմէն, Պոսթընի «Հարվըրտ» (Քէյմպրիճ, Մասաչուսէց) համալսարանի մուտքին, չորեքշաբթի, 22 յուլիսին ՀԵՄ-ի շրջանի  «Նժդեհ» մասնաճիւղի անդամներ խաղաղ ցոյց մը կազմակերպեցին՝ իրենց անվերապահ աջակցութիւնը յայտնելով հայոց բանակին, հայ զինուորին եւ սահմանային շրջաններու անմեղ բնակչութեան։

Իսկ շաբաթ, յուլիս 25-ին, Խանասորի արշաւանքին հետքերով, միեւնոյն շրջանին մէջ այս երիտասարդականները, իրենց կողքին ունենալով նաեւ շրջանի ՀՄԸՄ-ականներ, կազմակերպեցին հաւաք մը՝ կատարելով շուրջպար  եւ ազգային հայրենասիրական երգեր:

Անոնք իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին ազրպէյճանական բանակի հետզհետէ կրկնուող սադրանքին դէմ: Նաեւ ցուցարարները տեղւոյն հանրութեան ուշադրութեան յանձնեցին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն դէմ Ազրպէյճանի եւ անոր զինակից Թուրքիոյ նենգամիտ, սին եւ ռազմատենչ քաղաքականութեան խորամանկ ծալքերն ու իրականութիւնը:

Այս երկու հաւաքներուն ալ ներկայ էին ազերի ցուցարարներ, որոնք փորձեցին աղաւաղել եւ ձախողութեան մատնել հաւաքները, սակայն ձախողեցան:

 

 

Նախորդը

Հայկական Ֆութպոլ. Դաւիթ Մանոյեան Միացաւ Արարատ-Երեւանի

Յաջորդը

«Հայե՜ր Միացէ՛ք, Միացէ՛ք Հայեր»

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?