Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 25, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը, որ գումարուեցաւ ուրբաթ, 24 յուլիս 2020-ին, կարեւորութեամբ անդրադարձաւ «Քորոնա» ժահրին եւ Լիբանանի տնտեսական տագնապին ստեղծած ճգնաժամային կացութեանց, որոնցմէ անմասն չէ լիբանանահայ համայնքը: Ժողովը կատարեց հետեւեալ հաստատումները.

Ա.- Որդիական սիրով կու գանք մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառին, որ բարձրօրէն կարեւորելով լիբանանահայ գաղութի համահայկական դերակատարութիւնը, կաթողիկոսութեան բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դրաւ լիբանանահայութեան օժանդակութեան գործին ու իր անձին հեղինակութեամբ կը շարունակէ զօրավիգ հանդիսանալ մեր գաղութին:

Բ.- Ազգային առաջնորդարանը եւ անոր կից գործող մարմիններն ու կառոյցները, կաթողիկոսական փոխանորդ գլխաւորութեամբ, գնահատելի ճիգով կը շարունակեն անսալ լիբանանահայութեան ընկերատնտեսական եւ առողջապահական կարիքներուն, յատկապէ՛ս մեղմելու համար կարիքաւոր զանգուածի դժուարութիւններն ու ցաւը:

Գ.- Գնահատելի է «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի գործունէութիւնը, որ, համայնքի բոլոր միութիւններուն ու կառոյցներուն կարելիութիւնները համախմբելով, յաջողեցաւ ամենակարճ միջոցին համավարակի կանխազգուշացման, կանխարգիլման ու հականեխումի ծառայութիւններ մատուցելու գործը կազմակերպել եւ ժողովրդային օժանդակութեան ընդհանուր աշխատանքին ուղղութիւնը ճշդել: Հաւաքական այս ներդրումը միշտ` անցեալին եւ այսօ՛ր ալ, իր օգտաշատ արդիւնքը տուած է լիբանանահայ գաղութի բոլոր մարտահրաւէրներու յաղթահարման ու դարձած հարուստ կենսափորձ մեր հաւաքական կեանքին մէջ:

Դ.- Երախտագիտութեամբ կ՛ողջունենք լիբանանահայութեան զօրակցութեան համար տարբեր գաղութներու մէջ նուիրահաւաքներ կազմակերպող կառոյցներն ու մարմինները, որոնք գործնապէս կը հաստատեն, որ լիբանանահայութիւնը կը շարունակէ իր ինքնուրոյն տեղն ու դերը ունենալ բովանդակ հայութեան կեանքին մէջ:

Ե.- Ստեղծուած համահայկական զօրակցութեան համար բարձրօրէն կը կարեւորենք «Հայաստան Համահայկական հիմնադրամ»-ի, Ս. Էջմիածնի կաթողիկոսութեան, Արցախի Հանրապետութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու օժանդակութիւնները:

Զ.- Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք հեռաւոր կամ մօտաւոր մեր բոլոր բարերարներուն ու նուիրատուներուն, որոնք հաւաքական ծրագիրներու յաջողութեան համար կը շարունակեն բերել իրենց անսակարկ ու կարեւոր մասնակցութիւնը: Ժողովը կ՛ողջունէ նաեւ իրերօգնութեան համակող այս մթնոլորտին մէջ արտասահմանէն հասնող օգնութեան այն ձեռքերը, որոնք հարազատին, հիւանդին, անկարին ու կարիքաւորին հասնելով, մեծապէս կը թեթեւցնեն մեր ժողովուրդին բեռը:

Է.- Ազգային երեսփոխանական ժողովը մեծապէս գնահատելով նաեւ Լիբանանահայոց թեմի եկեղեցիներուն, մեր միութիւններուն, բարեսիրական հաստատութիւններուն, կառոյցներուն ու հայրենակիցներուն բոլորանուէր ճիգը,  կը հաստատէ, որ լիբանանահայ գաղութը պիտի յաջողի յաղթահարել իր դէմ ծառացող այս ճգնաժամը ու կը վստահեցնէ, որ Ազգ. առաջնորդարանը, մի՛շտ վստահելով մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներու անվերապահ աջակցութեան եւ ցուցաբերած բարձր գիտակցութեան, պիտի շարունակէ մատուցել իր ընկերային, մարդասիրական եւ կրթական ծառայութիւնները:

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Պէյրութ, 24/7/2020

Նախորդը

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (24) . Ապագայ Լրագրողները Կատարեցին Լուրերու Պատրաստութեան Գործնական Փորձ Մը

Յաջորդը

Նեխած Հաւերու Եւ Միսերու Գայթակղութեան Կը Յաջորդէ Աւելի Քան 10 Թոն Նեխած Ձուկի Եւ Քարիտեզի Բացայայտումը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?