Լրագրութեան վարժողական ծրագիրին հերթական հանդիպումը տեղի ունեցաւ երէկ, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ:
Հանդիպումը եղաւ աշխատանքային. ծրագիրին հետեւող «Ապագայ լրագրողներ»-ը կատարեցին լուրերու պատրաստութեան իրենց երրորդ գործնական փորձը:
Մէկ ժամուան տեւողութեամբ մասնակիցները տարբեր բնոյթի` ընկերային, քաղաքական, մարզական թէ մշակութային լուրեր պատրաստեցին` աղբիւր ունենալով հայկական լրատուական կայքերը:
Իւրաքանչիւրը ընտրեց իր հետաքրքրութեան յարմարող լուրը եւ փորձեց լուրը պատրաստել իր ոճով:
Իր ընթացքը շարունակող Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրը մօտիկ ապագային պիտի հասնի իր աւարտին: