Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Հեռաձայնային Զրոյց Ունեցած Է Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ

July 23, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես 22 յուլիսին հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ` սահմանային գօտիին մէջ լարուածութեան մեղմացման կոչով:

Այս մասին յայտարարեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Ստեֆան Տիւժարիքը, որ դիտել տուաւ, թէ զրոյցներուն ընթացքին Կութիերես մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին տեղի ունեցած բախումներուն գծով:

Անթոնիօ Կութիերես կրկին շեշտած է կարեւորութիւնը` անյապաղ ու լիարժէք կերպով դիմելու լարուածութեան մեղմացման քայլերու եւ կոչ ուղղած է` հրաժարելու սադրիչ հռետորաբանութենէն եւ վերադառնալու բանակցութիւններուն:

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ զրոյցին ընթացքին վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան նկատմամբ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին ցուցաբերած մնայուն ուշադրութիւնը: Ան ներկայացուցած է Ազրպէյճանի կողմէ հայ-ազրպէյճանական սահմանին ուղղութեամբ ձեռնարկուած սադրանքներուն պատճառով ստեղծուած լարուած իրադրութիւնը` ընդգծելով, որ այդ գործողութիւնները ձեռնարկուած են հակառակ ընդհանուր քարտուղարին` համավարակի ծիրին մէջ համաշխարհային զինադադար յայտարարելու վերաբերեալ կոչին:

«Կը հաւաստիացնեմ, որ Հայաստան ըրաւ կարելի ամէն բան` ռազմական գործողութիւններուն վերջ տալու եւ իրավիճակի լարուածութիւնը նուազեցնելու համար», նշած է Նիկոլ Փաշինեան:

Անդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէ մարտական գործողութիւններու դադրեցման վերաբերեալ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու խախտումներուն` վարչապետ Փաշինեան աւելցուցած է, որ այս շրջանին մէջ ականատես կ՛ըլլանք Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան իրերամերժ յայտարարութիւններու եւ գործողութիւններու: «Մենք կը հասկնանք, որ Ազրպէյճանի ներքին իրավիճակը ծանր է: Բայց մենք չենք կրնար դառնալ նախագահ Ալիեւի ստեղծած ծուղակին պատանդը: Տարիներ շարունակ հայերուն նկատմամբ սփռած ատելութիւնն ու պատերազմի սպառնալիքը ստեղծած էին ռազմական գերազանցութեան պատրանք, որ այժմ յօդս կը ցնդի: Մենք վստահ չենք` արդեօք Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը ունի՞ զինադադարը պահպանելու եւ սադրիչ հռետորաբանութիւնը կանխելու կարողութիւն կամ ցանկութիւն», յայտնած է Նիկոլ Փաշինեան:

Վարչապետը վերահաստատած է Հայաստանի յանձնառութիւնը` խաղաղ լուծման` ընդգծելով, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ խիստ կարեւոր է ԵԱՀԿ դիտարկման կարողութիւններու ընդլայնումը եւ տուեալ հարցին մէջ գոյութիւն ունեցող պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը:

«Անհրաժեշտ է, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները հանրայնօրէն մերժեն ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրարկումը: Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը պէտք է ընդունի, որ խաղաղ բանակցութիւնները այլընտրանք չունին», շեշտած է Փաշինեան:

Նախորդը

Քանատայի Խորհրդարանի Ընդդիմադիր Պահպանողական Կուսակցութիւնը Եւ Պատգամաւոր Ֆայսալ Խուրի Կը Դատապարտեն Ազրպէյճանական Յարձակողապաշտութիւնը

Յաջորդը

Մինչ Թրքական 17 Մարտանաւեր Կ՛Ուղղուին Դէպի Յունաստանի Ջուրեր. Յունական Բանակը Դրուած Է Պատրաստ Վիճակի Մէջ, Եւ Սպայակոյտի Պետը Շտապ Վերադարձած Է Աթէնք

RelatedPosts

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած  Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան»  Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան» Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ

November 5, 2026
Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ  Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի  Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան,  Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»
Հայկական

Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան, Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.