Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատայի Խորհրդարանի Ընդդիմադիր Պահպանողական Կուսակցութիւնը Եւ Պատգամաւոր Ֆայսալ Խուրի Կը Դատապարտեն Ազրպէյճանական Յարձակողապաշտութիւնը

Յուլիս 23, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանատայի խորհրդարանի երէկուան նիստին  պատգամաւոր Ֆայսալ Խուրի դատապարտեց ազրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը:

«Անտեսելով Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կոչը` համավարակի ճգնաժամին ընթացքին հրադադարը յարգելու, Թուրքիոյ անմիջական նեցուկը վայելող Ազրպէյճանի կառավարութիւնը սպառնաց ռմբակոծել Հայաստանի կորիզային կայանը եւ տագնապի ընթացքին թիրախ դարձուց անմեղ քաղաքացիներ», յայտարարեց Խուրի:

Իր ելոյթի աւարտին, ան անմիջական զինադադարի կոչ ուղղեց:

Նշենք, որ անցնող օրերուն, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի կոչին ընդառաջելով` Քանատայի խորհրդարանի անդամ պատգամաւորներ դատապարտեցին Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը:

Միւս կողմէ, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին ուղղուած 21 յուլիս թուակիր նամակով մը Քանատայի խորհրդարանի պաշտօնական ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Անտրիւ Շիր խստօրէն դատապարտեց Հայաստանի հանդէպ ազրպէյճանական յարձակողապաշտ արարքները:

Նշելով, որ միշտ հպարտ զգացած են Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին հետ համագործակցելու առիթներով, ընդդիմութեան ղեկավարը նամակին մէջ կը յայտնէ, որ Պահպանողականները միշտ արտայայտած են իրենց մտահոգութիւնը` ի տես Արցախի եւ տարածաշրջանին մէջ կատարուող բռնարարքներուն: «Մենք կը շարունակենք կոչ ուղղել Քանատայի իշխանութիւններուն, որպէսզի աջակցին Արցախի ժողովուրդի ազգային ինքնորոշման իրաւունքին», նամակին մէջ կը հաստատէ Անտրիւ Շիր:

Պահպանողական ղեկավարը նամակին մէջ կոչ կ’ուղղէ հակամարտ կողմերուն` յարգելու զինադադարը եւ զօրակցութիւն կը յատնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի խաղաղարար նախաձեռնութիւններուն:

 

Նախորդը

Նոր Ջուղայի Հայ Դատի Գրասենեակի Եւ Պուլկարահայ Համայնքային Խորհուրդի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Հեռաձայնային Զրոյց Ունեցած Է Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ

RelatedPosts

Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին
Հայկական

Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?