Էրտողան.«Մեր Ուժերը Սուրիա Պիտի Մնան
Մինչեւ Անոր Ժողովուրդը Ազատութեան Տիրանայ»
Միացեալ Նահանգներ չեն ճանչնար Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մորկըն Օրթակուսը:
«Ասիկա վարչակարգին կողմէ յաւելեալ փորձ մըն է ստեղծելու կեղծ օրինականութիւն եւ խուսափելու, ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 բանաձեւին համաձայն, քաղաքական հոլովոյթի իրականացումէն», կը նշուի Օրթակուսի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Ան կը նշէ, թէ Սուրիոյ մէջ 1963 թուականէն` Պաաս կուսակցութեան իշխանութեան գալէն ի վեր, ազատ ընտրութիւններ չեն կատարուած:
«Ներկայ տարին բացառութիւն չէ: Մենք տեսած ենք վստահութեան արժանի հաղորդագրութիւններ այն մասին, որ ընտրական կեդրոններու աշխատակիցները բաժնած են թերթիկներ, որոնք արդէն ամբողջացուած են Պաասի թեկնածուներուն անունով», կը նշէ Օրթակուս:
Բացի ատկէ, ըստ անոր յայտարարութեան, կան նաեւ տեղեկութիւններ, որ քաղաքացիներու վրայ ճնշում գործադրուած է քուէարկութեան մասնակցելու համար, իսկ ընտրական գաղտնիքի երաշխաւորութիւն չէ եղած:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քննադատեց անոնք, որոնք «կը յաւակնին ժողովրդավարութեան մէջ յառաջադէմ ըլլալ»` լուռ մնալով սուրիացի քաղաքացիներուն խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէարկելու «պարտադրանք»-ին ի տես: Էրտողան յայտնեց, որ իր երկրին ուժերը, որոնք հիւսիսային Սուրիոյ մէջ շարք մը զինուորական գործողութիւններ կատարած են, հոն պիտի մնան մինչեւ սուրիացի ժողովուրդը ազատութեան տիրանայ:
«Մինչեւ սուրիացի ժողովուրդը ազատութիւն, խաղաղութիւն ու ապահովութիւն ունենայ, այդ երկրին մէջ պիտի մնանք», շեշտեց Թուրքիոյ նախագահը: