Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Պաշտօնական Արդիւնքներուն Համաձայն Սուրիոյ Խորհրդարանին Մաս Կազմեցին Երեք Հայ Երեսփոխաններ

July 22, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 21 յուլիս 2020-ին Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու Դատական բարձրագոյն յանձնախումբը հրապարակեց Սուրիոյ խորհրդարանական օրէնսդրական 3-րդ նստաշրջանի` 2020-ի ընտրութիւններուն արդիւնքով ընտրուած 250 երեսփոխաններուն անունները:

Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան ընտրուեցան երեք սուրիահայեր, Հալէպէն` ազգի թեկնածու Ժիրայր Րէիսեան եւ Պաաս կուսակցութեան թեկնածու իրաւաբան Լիւսի Իսկէնեան, Դամասկոսէն` անկախ թեկնածու դոկտ. Նորա Արիսեան:

Սուրիոյ խորհրդարանի 250 աթոռներուն համար կը մրցէին Սուրիոյ բոլոր նահանգներէն 1656 թեկնածուներ 200-ը կիներ:

Դատական բարձրագոյն յանձնախումբի նախագահ Սամեր Զմրիք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ քուէարկութեան մասնակցած է ընտրելու իրաւունք ունեցող 6.224.687 քաղաքացի, մասնակցութեան տոկոսն է` 33,17 տոկոս:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ խորհրդարանի կազմութենէն` 1928-էն մինչեւ 2020, խորհրդարանին մաս կազմած են 24 հայ երեսփոխաններ: Մէկէ աւելի անգամներ խորհրդարանի երեսփոխան ընտրուած են միաժամանակ երեք կամ չորս թեկնածուներ:

Վերջին անգամ` 1947-1949 շրջանին, Սուրիոյ խորհրդարանին մաս կազմած են չորս հայ երեսփոխաններ (1 Դամասկոս, 3 Հալէպ):

Յառաջիկայ տարիներուն մէկ կամ երկու հայ երեսփոխաններ մաս կազմած են խորհրդարանին: Սուրիոյ տագնապալի այս փուլին` 2020-ին, միաժամանակ երեք հայ երեսփոխաններ մաս կը կազմեն Սուրիոյ խորհրդարանին` արժանանալով ժողովուրդին քուէներուն նկատառելի տոկոսին:

Աւելցնենք, որ Սուրիոյ խորհրդարանի առաջին հայ կին երեսփոխանը եղած է դոկտ. Նորա Արիսեան (2016-2020): Խորհրդարանական այս ընտրութիւններով առաջին անգամ ըլլալով Սուրիոյ խորհրդարանին մաս կը կազմեն երկու հայ կին երեսփոխաններ:

 

 

Նախորդը

Սերպիոյ Դեսպանը Կանչուած Է Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Չեն Ճանչնար Սուրիոյ Մէջ Տեղի Ունեցած Խորհրդարանական Ընտրութիւնները», Կ՛Ըսէ Օրթակուս

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.