Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Յանձնախումբի Կոչին Ընդառաջելով` Քանատայի Խորհրդարանի Անդամներ Կը Դատապարտեն Ազրպէյճանի Յարձակողապաշտ Քաղաքականութիւնը

July 21, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վրայ ազրպէյճանական յարձակողապաշտ զինուորական գործողութիւններէն անմիջապէս ետք, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակն ու շրջանային յանձնախումբերը լծուելով գործի դիմեցին Քանատայի դաշնակցային եւ նահանգային խորհրդարաններու անդամներու, ինչպէս նաեւ քանատական քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու` դատապարտելու համար ազրպէյճանական բռնութիւնները:

Չորեքշաբթի, 15 յուլիս 2020-ին, Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայն հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ կը նշէր, թէ Քանատան մտահոգ է հայ-ազրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցող բռնութիւններով:

Նախարար Շամփայն կը շեշտէր, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կոչերուն միանալով, Քանատան երկու կողմերուն կը յորդորէ անյապաղ ձեռնպահ մնալ ուժի կիրարկումէ, յարգել զինադադարի պայմանաւորուածութիւնն ու պաշտպանել քաղաքացիները: Տագնապի լուծման գործընթացը պէտք է հիմնուի Միջազգային իրաւունքի Հելսինքեան պայմանագիրով ամրագրուած ուժի չկիրարման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքներուն վրայ: Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը, գնահատելով հանդերձ Քանատայի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը` անբաւարար նկատեց զայն եւ պահանջեց ազրպէյճանական բռնարարքները դատապարտող յստակ յայտարարութիւն:

Նոյն օրերուն, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Ազրպէյճանի բռնութիւնները դատապարտելու կոչին ընդառաջելով գրառումներով հանդէս եկան Քանատայի խորհրդարանի անդամներ:

Քանատայի խորհրդարանի ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անունով, խորհրդարանի անդամ Պապ Սարոյա խստօրէն դատապարտեց Ազրպէյճանի յարձակումները Հայաստանի Տաւուշի մարզի բնակավայրերուն վրայ:

Ընդդիմադիր Նոր դեմոկրատական կուսակցութեան ղեկավարի տեղակալ Ալեքսանտր Պուլրիս յայտարարեց, որ Ազրպէյճան պէտք է անյապաղ դադրեցնէ իր յարձակումները Հայաստանի սահմանամերձ բնակավայրերուն վրայ: Ան նշեց, որ զինուորական այս արարքը զինադադարի խախտում է եւ նոյնիսկ անհասկնալի, երբ պէտք է պայքարիլ համաճարակին յարուցած խնդիրներուն դէմ:

Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ Պրայըն Մէյ մտահոգութիւն յայտնեց զինուորական իրադարձութիւններուն գծով եւ հաստատեց Քանատայի նախանձախնդրութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ճիգերուն աջակցելու:

Խորհրդարանի անդամ Հան Տոնկ գրեց, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանի բռնութիւններուն արձագանգները կը հասնին մինչեւ իր ընտրատարածքը` հիւսիսային Տոն Վալի, ուր կը գտնուի Թորոնթոյի Հայ կեդրոնը: Ան իր գրառումին կցած էր Քանատայի «Սի.Թի.Վի.»  պատկերասփիւռի ընկերութեան հարցազրոյցը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ:

Խորհրդարանի անդամ Ժան Եիփ գրեց, որ խորապէս անհանգստացած է հայ-ազրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցող բռնութիւններով, եւ կոչ ուղղեց անյապաղ վերսկսելու խաղաղ բանակցութիւններուն:

 

Նախորդը

Արծրուն Յովհաննիսեան. «Հայկական Բանակը Պատրաստ Է Հայաստանի Սահմանագօտին Պաշտպանելու Ամէն Տեսակի Ոտնձգութենէ»

Յաջորդը

Ազրպէյճանական Սադրանքներուն Դէմ Սփիւռքահայութեան Ցոյցերը Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.