Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանական Սադրանքներուն Դէմ Սփիւռքահայութեան Ցոյցերը Կը Շարունակուին

July 21, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Բողոքի Ցոյց Ուաշինկթընի Մէջ
Ազրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ կիրակի, 19 յուլիսին, առաջնորդութեամբ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան «Անի» ուխտին, Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ` դատապարտելու համար Հայաստանի վրայ ազրպէյճանական յարձակումները:

Նախաձեռնութեամբ դեսպանատան, հայկական ցոյցին դէմ կազմակերպուած ցոյցին մասնակիցները բարձրացուցած են ազրպէյճանական եւ թրքական դրօշակներ:

Սթրասպուրկի Մէջ Ոստիկանները Ազրպէյճանցիներուն
Թոյլ Չեն Տուած Մօտենալ ԵԽԽՎ-ի Հայաստանի Ներկայացուցչութեան

Սթրասպուրկի մէջ ոստիկանները ազրպէյճանցի ցուցարարներուն թոյլ չեն տուած մօտենալ ԵԽԽՎ-ի Հայաստանի ներկայացուցչութեան: Աւելի կանուխ այնտեղ հասած էին Ֆրանսայի հայերը, որոնք հայ-ազրպէյճանական սահմանին Ազրպէյճանի կողմէ հրահրուած լարուածութեան լոյսին տակ միասնութեան ցոյց կազմակերպած էին` հայրենասիրական երգ ու պարի ուղեկցութեամբ:

Հայորդի երիտասարդաց միութեան նախագահ Դաւիթ Յովսէփեան նշած է, որ բողոքի ցոյցին մասնակցած է 250-300 հայ:

«Հաւաքուած էինք այնտեղ, որպէսզի ցոյց տանք, որ հայերը ամէն երկվայրկեան, ամէն վայրկեան պատրաստ են  համախմբուելու: Ազրպէյճանցիները պէտք է ըլլային մեր հիւպատոսարանի դիմացի մայթին, բայց մենք այնքան շատ էինք, որ ոստիկանութիւնը անոնց թոյլ չտուաւ մօտենալ շէնքին: Անոնց մօտաւորապէս 150 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը պահէին», ըսած է Յովսէփեան:

Աթէնքի Մէջ ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական
Միութիւնը Բողոքի Ցոյց Կազմակերպած Է

ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպած է Աթէնքի մէջ գտնուող ազրպէյճանական դեսպանատան դիմաց` ընդդէմ հայ-ազրպէյճանական հիւսիսարեւելեան սահմանի` Տաւուշի ուղղութեամբ 12 յուլիսէն իրականացուող ազրպէյճանական սադրանքներուն:

Վրաստանի Հայ Համայնքը Վրաստանի Մէջ Հայաստանի
Հանրապետութեան Դեսպանատան Առջեւ
Զօրակցութեան Հաւաք Կազմակերպած Է

Վրաստանի հայ համայնքի երիտասարդական-ուսանողական միութեան անդամները Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան առջեւ հանրահաւաք կազմակերպած է` ի զօրակցութիւն հայրենիքի եւ ընդդէմ հայ-ազրպէյճանական սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ` Տաւուշի ուղղութեամբ 12 յուլիսէն կրկնուող ազրպէյճանական սադրանքներուն:

Երիտասարդական-ուսանողական միութեան անդամները (ղեկավար` Արթուր Միրզոյեան) վանկարկումներով եւ տարբեր լեզուներով հնչեցուած կոչերով դատապարտած են ազրպէյճանական սադրանքները, ինչպէս հայ-ազրպէյճանական սահմանին, այնպէս ալ` Վրաստանի մէջ:

Վրաստանի հայ համայնքի ուսանողական միութեան անդամ Վրէժ Յարութիւնեան կազմակերպիչներուն անունով արտասանած է հետեւեալ կոչը.

«Այսօր մենք` Վրաստանի հայ համայնքի երիտասարդական եւ ուսանողական միութեան անդամներս, հաշուի առնելով երկրի ներկայ իրավիճակը եւ չխախտելով սահմանափակումները, եկած ենք զօրակցութիւն ցուցաբերելու մեր հայրենակիցներուն: Հաւատարիմ մնալով Վրաստանի հայ համայնքի պաշտօնական կոչին` զերծ մնալ սադրանքներէ, մենք կը ցուցաբերենք բարձր քաղաքացիական պատասխանատուութիւն», ըսած է Յարութիւնեան` աւելցնելով, որ Վրաստանը մեր բոլորին տունն ու հայրենիքն է եւ հաշիւներ պարզելու դաշտ չէ»:

Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնած են բողոքի ցոյցի կազմակերպիչներուն եւ ներկաներուն` այս դժուարին օրերուն հայրենիքին զօրակցելու եւ Վրաստանին սադրանքներու մէջ ներքաշելու ազրպէյճանական փորձերը դատապարտելու համար:

 

Նախորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբի Կոչին Ընդառաջելով` Քանատայի Խորհրդարանի Անդամներ Կը Դատապարտեն Ազրպէյճանի Յարձակողապաշտ Քաղաքականութիւնը

Յաջորդը

Խմբագրական. Ցանցային Առաւելութիւններ Եւ Հայկական Գերակայութիւն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.