Ս. ՆՇԱՆԱԿԱՆ
Տերեւաթափը վաղուց սկսած է արդէն, եւ այսօր 1920-ական թուականներու սերունդին վերջին տերեւներն ալ կը յանձնուին կեանքի դաժան իրականութեան:
Այդ սերունդին ներկայացուցիչներէն մէկն էր Անահիտ Բագրատունին, որ քառասուն օր առաջ յանձնուեցաւ հողին` կեանքի պարտաւորութիւնները կատարած մարդու գոհունակութեամբ եւ ցմրուր խմած ըլլալով իր ժամանակներու բոլոր դժուարութիւնները:
Ծնած էր 1927-ին, Պէյրութի մէջ` տիգրանակերտցի Միհրան եւ Նուարդ Խանճեան ամոլէն, երկուքն ալ` Ցեղասպանութենէն վերապրած տեղահանուածներ: Աւարտած էր Ս. Նշան նախակրթարանը եւ 1943-ին ամուսնացած դարձեալ տիգրանակերտցի Յակոբ Բագրատունիի հետ, որուն հայրը` Պօղոս, զոհ գացած էր Ցեղասպանութեան, երբ ինք 2 տարեկան երեխայ էր: Կազմած էին ընտանիք եւ ունեցած 3 զաւակ:
Իր սերնդակիցներուն նման, ան ճաշակեց Լիբանանի տաք ու պաղ օրերը` Համաշխարհային Բ. պատերազմ, 1958-ի քաղաքացիական կռիւներ, 1967-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմ, 1975-ի կռիւներ ու մինչեւ իր մահը տեղի ունեցող բոլոր դէպքերն ու անոնց ազդեցութիւնը:
Այս բոլորին մէջ, սակայն, ան յաջողած էր պահել տոկալու վճռակամութիւնը եւ այս վճռակամութիւնը փոխանցած էր իր ընտանիքին ու շրջապատին:
Ինքզինքին վերապահած էր միշտ անսակարկ նուիրումը եկեղեցական, ազգային ու բարեսիրական կեանքին:
Զինք ճանչցած ենք ու միշտ տեսած Ս. Նշանի շրջանակին մէջ: Դպրոց, եկեղեցի եւ եկեղեցական-հանրային ծառայութիւն: Ցարդ զինք յիշողները չեն կրնար Ս. Նշան Մայր տաճար մուտք գործել առանց պատկերացնելու զինք, ամէն կիրակի եկեղեցւոյ խորանին ամենամօտ նստարանին վրայ, կանուխ ժամերէն մինչեւ Ս. պատարագի աւարտ:
Ապա, Ս. Նշանի Տիկնանց միութեան վարչութեան անդամ ու ատենապետ: 1979-էն ետք` Ազգ. առաջնորդարանի Տիկնանց վարչութեան ատենապետ, մինչեւ այն թուականը, երբ այլեւս անկարող էր առանձինը շրջագայիլ:
Շատեր կը յիշեն զինք Վարդանանց տօնակատարութեանց, Մայրերու օրուան, Միջինքի ձեռնարկներու ընթացքին` իր ներկայութեամբ ու դերակատարութեամբ: Ս. Նշան եկեղեցւոյ բարեզարդման, Պիքֆայայի դպրեվանքի պարտէզի ծառատնկման, Կանաչ կիրակիի թէ Կազդուրման կայանի հանգանակութեանց կազմակերպման իր մասնակցութիւնը մղիչ ուժ կը դառնար շատերու, որպէսզի լիաբուռն նուիրատուութիւններ կատարեն: Եղաւ գործօն անդամ Լիբանանահայ օգնութեան խաչին:
Իր անձնական կեանքի կոկիկութենէն անդին, Ս. խորանն ու անոր ծածկոցները, վարագոյրը, կամ սկիհի ու խաչի բռնիչները, կաթողիկոսական օծման շղարշը թէ եպիսկոպոսական զգեստները` իր ծրագրումով, մտայղացքով, երբեմն իր ձեռքով աշխատցուած կ՛իրականացնէր անաղմուկ, ծախսին մասնակից ալ դառնալով:
Անահիտ Բագրատունին կը պատկանի հայ կանանց այն փաղանգին, որ աշխատեցաւ անխոնջ, խոր համոզումով, նուիրումով, հաւատքով` զարգացնելու եւ զօրացնելու հայ մարդուն հաւատքը իր եկեղեցւոյ եւ ազգին հանդէպ: Անոնք` իրենց գործին հաւատարիմ, պարտականութեան գիտակից եւ արժանապատուութեամբ կատարեցին իրենց վստահուած պարտականութիւնը:
Շէնշող, կայտառ, կենսուրախ, կենսալից եւ գործունեայ կին մըն էր Անահիտ Բագրատունի, որ իր աստուածատուր բոլոր արժանիքները անվերապահօրէն տուաւ եւ բաշխեց լիբանանահայութեան կեանքին մէջ, յատկապէս Ազգ. առաջնորդարանի եւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ եկեղեցական թէ ազգային իրականութեան:
Եւ ինչ բնորոշ է իր յուղարկաւորութեան ընթացքին Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետին ցաւակցագիրը, ուր, ի միջի այլոց ան կը նշէր. «Կ՛ուզենք վկայել, թէ անոնք (անդրադառնալով Յակոբ եւ Անահիտ Բագրատունիի) եղած են իրենց ողջ կեանքով ու ծառայութեամբ ազգասէր եւ եկեղեցանուէր, նախանձախնդիր` մեր ազգային արժէքներուն ու աւանդութիւններուն նկատմամբ եւ յանձնառու` մեր իտէալներուն ու երազներուն հանդէպ` միշտ մնալով պարզ ու համեստ»:
Տիկին Անահիտ պարզ էր ու համեստ: Հաճելի խօսակիցը բոլորին: Տիպար ամուսին, մայր ու մեծ մայր, մայրական գորովով կը դիմաւորէր երիտասարդներն ու երեխաները:
Յառաջացած տարիքին իսկ անոր ամէնօրեայ հետաքրքրութիւնն էին հայկական հարցերը: Տեւաբար ընթերցող, ոչ մէկ ատեն կը հեռանար հայ գիրքէն, հայ թերթէն, ձայնասփիւռէն կամ հեռատեսիլէն: Կը հետեւէր, կը հարցնէր եւ կը բացատրէր, բայց մանաւանդ` կը տագնապէր: Հայ մօր տագնապը, որ վարակիչ էր իր շրջապատին:
Անահիտ Բագրատունիի օրինակը իրաւ հայ կնոջ օրինակն է, տառապած, բայց կանգուն, ծառայասէր ու անաղմուկ գործող, մայր ու քոյր, մեծ մայր բոլորին, անզիջող հա՛յ մայր:
Յիշատակդ անթառամ` Տիկի՛ն Անահիտ:


