Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի Յիշատակ Անահիտ Բագրատունիի

July 20, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԳՐԻՏ ԱԶԱՏԵԱՆ

Աշխարհի երեսին կան մարդիկ, որոնք իրենց կեանքին ընթացքին գործերով, վարուելակերպով եւ մտածելակերպով կ՛արտացոլացնեն աներեւոյթ հոգիին աստուածատուր շնորհները…

Անահիտ Խանճեան-Բագրատունի այն կին-մարդերէն էր, որ աշխարհիկ կեանքը ապրեցաւ բարի վարքով: Աստուածավախ, հայրենասէր, մարդասէր ու ծառայասէր հայ մայրիկ մըն էր, օժտուած` շնորհալի ու եզակի յատկանիշներով:

«Մամա Անահիտ», «ընկերուհի Անահիտ»` այդպէս ճանչցուած էր տիգրանակերտցի ազնուական ոգի ունեցող հայ կինը: «Ընկերուհի» կամ «մայր» զոյգ կոչումները պատահական չեն տրուիր ոեւէ մէկուն, անոնք կը ստացուին կեանքի ընթացքին զանազան զոհողութիւններու իբրեւ արդիւնք…

Առաքինի այս մայրը կրցած է հաւասարակշռել ընտանիք, ազգ ու եկեղեցի հաւասար արժէքները: Գիտակից էր, որ ազգ մը կը զօրանայ հաւատացեալ ու ողջմիտ ընտանիքով, այդ սկզբունքէ մեկնած` դաստիարակած է զաւակները եւ եղած է կատարեալ մայր…

Ծառայասիրութիւնը մղած է զինք գործուն մասնակցութիւն բերելու ազգային կեանքի մէջ: Եղած է Ս. Նշան եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան ատենապետ, կամաւորաբար ծառայած է եկեղեցւոյ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ետք Ազգային առաջնորդարանին կողմէ նշանակուած է բոլոր տիկնանցներու ատենապետ, պատիւ ունեցած է նաեւ ըլլալու ԼՕԽ-ական: Սիրուած ու յարգուած այս կինը փառք ու պատիւ չէր փնտռեր. համոզուած էր, որ միայն ու միայն Աստուծոյ վայել են անոնք: Համեստութեամբ ու լռելեայն կը վայելէր իր զաւկին համբաւը, ազգին համար յարգելի ու նուիրեալ զաւակ մը աշխարհ բերած էր, սակայն` ոչ մէկ ատեն գոռոզացած, իր ներքին ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը կ՛արտայայտէր լոկ աչքերու փայլքով…

Երբեք չէ զլացած իր բարերարութիւնները կատարելու «մի ոմն» անուան տակ: Զօրաւոր, օրինապահ ու բծախնդիր, սակայն փափուկ ու կարեկից նկարագիրի տէր էր ան, կ՛աղօթէր բոլորին համար, յաճախ կը կրկնէր` «Աստուած նախ բոլորին զաւակները պահէ, յետոյ` իմիններս» մաղթանքը: Մայրութեան պարտականութիւն կը կատարէր բոլորին հանդէպ… Շատ կը սիրէր մանուկները, զանոնք իր շուրջը հաւաքելով  նուէր, տուրմ, շաքար ու կարկանդակներ կը բաժնէր… Մեծ բերկրանք էր իրեն համար նուիրել` առանց փոխադարձ ակնկալութեան: Այդքան սիրալիր վերաբերմունք ունէր բոլորին հետ, որ չէր կրնար ոեւէ մէկը նեղացնել, իսկ եթէ պատահէր, որ մէկու մը հետ աննշմար «չոր» վերաբերմունք ցուցաբերած ըլլար, ինքզինք կը մեղադրէր. ներողամիտ էր իրեն հետ սխալողներուն նկատմամբ, չէր սիրեր բամբասանքը…

Ընտանեկան եւ ընկերային պարտականութիւնները, լուրջ ու ծանր ըլլալով հանդերձ, կատարած է գոհունակութեամբ ու մեծ սիրով, սակայն ժամանակ մը ետք, մարդկային բնութեան համաձայն, մարմինը  դաւաճանեց գործունեայ կամքին, բայց հզօր կամքը կրկնապատկուելով  զինք դարձուց սիրալիր, ժպտադէմ եւ օրհնող մեծ մայր… Կեանքին ձմրան մէջ գարուն ապրող մայրը կ՛արհամարհէր ամէն ցաւ, կը տոկար ու կը պայքարէր ապրելու, ոչ թէ ինքնիր վայելքին համար, այլ աղօթելու  իր բոլոր զաւակներուն համար եւ օրհնելու զանոնք:

Իր վարքով ու բարքով, մայրութեան, պտղաբերութեան, խոհեմութեան շնորհներով շահեցաւ շատերուն համակրանքը, աւարտեց աշխարհիկ կեանքը իր ետին ձգելով տիպար հայուհիի մը ազդեցիկ ու օրինակելի յիշատակները:

Այժմ` անմահ ու ազնիւ  հոգին կը ցանկայ խունկ եւ աղօթք…

Ննջէ խաղաղութեամբ լուսահոգի մայր…

 

 

 

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Հայաստան Արտադրուած Ռոպին Մարդամեքենան «ԵուՍիԷլԷյ» Մանկական Հիւանդանոցին Մէջ

Յաջորդը

Յիշատակդ Անթառամ` Տիկի՛ն Անահիտ

RelatedPosts

Մոնրոյի Վարդապետութեան Վերականգնումը
Անդրադարձ

Մոնրոյի Վարդապետութեան Վերականգնումը

January 16, 2026
Հարցազրոյց Պօղոս Սնապեանին Հետ. 1979
Անդրադարձ

Քեսապցիներու Ծածկանունները

January 16, 2026
Ստացուած Գիրքեր.  «Արցախի Դէմ Իրականացուած Ցեղասպանութեան Գիտաժողովի Նիւթեր» (21-22 Ապրիլ, 2024)
Անդրադարձ

Ստացուած Գիրքեր. «Արցախի Դէմ Իրականացուած Ցեղասպանութեան Գիտաժողովի Նիւթեր» (21-22 Ապրիլ, 2024)

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.