Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Ուսանողական-Երիտասարդական Միութիւններու Բողոքի Ցոյցեր

Յուլիս 20, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ նախորդ կիրակի օրուընէ սկսած ազրպէյճանական յարձակումներուն անդրադարձող եւ զանոնք դատապարտող բողոքի ցոյցեր կազմակերպուեցան զանազան երկիրներու մէջ` հիմնականօրէն երիտասարդներու կողմէ:

Ֆրանսայի ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» Կազմակերպութեան Բողոքի Ցոյցը Փարիզի Մէջ` Ընդդէմ Ազրպէյճանական Սադրանքներուն

Ֆրանսայի ՀՅԴ «Նոր սերունդ» կազմակերպութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպած է Փարիզի մէջ` ընդդէմ հայ-ազրպէյճանական հիւսիսարեւելեան սահմանին` Տաւուշի ուղղութեամբ 12 յուլիսէն իրականացուող ազրպէյճանական սադրանքներուն:

Հանրահաւաքին ազրպէյճանական ոտնձգութիւնները դատապարտող ելոյթով հանդէս եկած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանը:

ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ Դատի Բողոքի Ցոյցը` Ազրպէյճանի Դեսպանատան Մօտ

Նոյն նպատակով ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ դատի գրասենեակի եւ Հայկական կազմակերպութիւններու միութիւնը Ամսթերտամի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց կազմակերպած է:

Երիտասարդները Ազրպէյճանի դեսպանատան մօտ բարձրացուցած են  հայկական դրօշներ եւ ազրպէյճանական սադրանքներ դատապարտող պաստառներ, անոնք երգեցին Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը, յարգեցին վերջին օրերուն Տաւուշի մէջ զոհուած 4 զինուորներուն յիշատակը:

Անոնք նաեւ վանկարկեցին` «Ազրպէյճա՛ն` նախայարձակ»:

Խաղաղութեան Ցոյց Միւնիխի Մէջ

Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ հայերը խաղաղութեան ցոյց կազմակերպած են:

Ցոյցին ընթացքին անգլերէնով ելոյթ ունեցած է ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սերժ Տէր Յակոբեանը, ցոյցին մասնակցած է նաեւ Հայ ուսանողական կազմակերպութիւնը:

Հայ երիտասարդները վանկարկած են. «Մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք` առանց զէնքերու»:

Յիշեցնենք, որ Բրիտանիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ ազրպէյճանական համայնքի ներկայացուցիչները փորձած են ցոյց կազմակերպել Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մօտ եւ յարձակած դեսպանատան վրայ, սակայն հայ համայնքի ներկայացուցիչները պատ կազմած են` պաշտպանելով դեսպանատունը:

«Մենք Ամբողջ Աշխարհին Մէջ Ամուր Կանգնած Ենք Հայկական Շահերու Պաշտպանութեան Առաջնագիծին Վրայ». Հյդ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններ

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է.

«Դաշնակցութեան երիտասարդները ամբողջ աշխարհին մէջ բողոքի զանազան ցոյցեր կը կազմակերպեն Ազրպէյճանի դեսպանատուներու առջեւ, նաեւ կը դիմակայեն հակահայկական քարոզչութեան:

«Երբեմն բախումներէ կարելի չէ խուսափիլ, ինչպէս երէկ` Լոնտոնի մէջ հայկական դեսպանատունը պաշտպանելու ընթացքին:

«Սակայն ամէնուրեք մենք ամուր կանգնած ենք հայկական շահերու պաշտպանութեան առաջնագիծին վրայ:

«Ուժե՛ղ ենք եւ պիտի յաղթենք միասին»:

 

 

Նախորդը

«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ». Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն

Յաջորդը

«Մենք Մեր Զոյգ Պետութիւններուն Եւ Մեր Բանակի Կողքին Եղած Ենք Ու Պիտի Ըլլանք Մշտապէ՛ս». ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?