Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Մեր Զոյգ Պետութիւններուն Եւ Մեր Բանակի Կողքին Եղած Ենք Ու Պիտի Ըլլանք Մշտապէ՛ս». ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Յուլիս 20, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Երկիր»-ը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին հետ, որ անդրադարձաւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցող դէպքերուն, ՀՅԴ-ի պատրաստակամութեան` բոլոր կարելիութիւններով սատարելու հայրենիքին եւ հայութեան գերագոյն եւ հաւաքական շահերուն:

Ստորեւ` հարցազրոյցը: 

«ԵՐԿԻՐ».- Անգամ մը եւս Ազրպէյճան ռազմական բախում սադրեց, այս պարագային` ուղղակիօրէն Հայաստանի դէմ: ՀՅԴ Բիւրոն յուլիսի 14-ին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, որ ուղղուած էր ողջ հայութեան եւ կը հաստատէր Դաշնակցութեան պատրաստակամութիւնը` բոլոր հնարաւորութիւններով ծառայելու հայրենիքին ու հայութեան անվտանգութեան եւ զարգացման գործին: Կարելի՞ է քիչ մը մանրամասնել:

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Նախ ՀՅԴ մեծ ընտանիքին անունով ես կրկին խոր ցաւակցութիւն կը յայտնեմ նահատակուած հայորդիներու հարազատներուն, ինչպէս նաեւ ողջ հայ ժողովուրդին: Վիշտը բոլորիս է, ինչպէս որ բոլորիս է զոհուածներու եւ առհասարակ բոլոր մեր քաջարի զինուորներուն  ու սպաներուն անձնազոհ խիզախումը` յանուն հայրենիքի իւրաքանչիւր թիզ հողի պաշտպանութեան եւ հայ ժողովուրդի խաղաղ գոյակցութեան: Մենք մէկ անգամ եւս հպարտացանք, որ մեր թշնամիին հերթական արկածախնդրական փորձը բախեցաւ հայ մարտիկին ամուր եւ անսասան դիմակայութեան: Թշնամին անգամ մը եւս ականատես եղաւ ընդհանուր վտանգի շուրջ կրկին բռնցքուելու հայութեան հաւաքական կամքին:

Գալով ձեր հաստատումին, պէտք է շեշտեմ, որ Դաշնակցութիւնը այն համահայկական կազմակերպութիւնն է, որ նման պատասխանատու պահերու միշտ կ՛արձագանգէ հայրենի կարիքներու կանչին, մասնաւորապէս հաւաստելով, որ պատրաստ է իր բոլոր հնարաւորութիւնները ի սպաս դնելու հայրենիքի պաշտպանութեան եւ համակողմանի աջակցութեան գործին:

Մենք կապի մէջ ենք Հայաստանի ու Արցախի համապատասխան բարձրագոյն ղեկավարութեանց հետ` հունաւորելու համար համահայկական նեցուկի դրսեւորումները եւ համադրելու համար հայանպաստ քարոզչական աշխատանքն ու բանակին օժանդակութեան ծրագիրները:

Յայտնի է, որ երկար ժամանակէ ի վեր Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը վերադարձած էր իր հին հռետորաբանութեան, կը թէժացնէր մթնոլորտը եւ հաւանական կը թուէր, որ նման զարգացումներ կրնան յանգեցնել նոր, վտանգաւոր հետեւանքներու: Պատահական պէտք չէ համարել քաղաքական ու քարոզչական այն քայլերը, որոնց, աւագ եղբօր` Թուրքիոյ հետ, ռազմական գործողութիւններուն զուգահեռ փորձեց նախաձեռնել հակառակորդ կողմը: Գոհունակութեամբ կ՛անդրադառնանք նաեւ, որ թշնամիի քարոզչական արշաւը ծանր պարտութիւն կրեց, Հայաստանի ու հայութեան հակահարուածը եղաւ ազդու: Ազրպէյճանի մէջ պաշտօնանկ եղաւ արտաքին գործոց նախարարը եւ այս հարցով թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ Թուրքիոյ մէջ այժմ կը տիրէ խուճապի մթնոլորտ: Այս խուճապի անընդունելի դրսեւորումներէն է Հայաստանի հիւլէական կայանը ռմբակոծելու Ազրպէյճանի ուղղած սպառնալիքը, զոր, ընդհանրապէս, միջազգային հանրութիւնը մարդկութեան դէմ մեծագոյն ոճիր կը նկատէ:

«Ե.».- Այսինքն, ըստ ձեզի, Ազրպէյճան Թուրքիոյ հետ լուրջ ծրագիրներ կը  հետապնդէ` հրահրելով այս նոր ընդհարումը: Այս պարագային քաղաքական-քարոզչական եւ ընդհանրապէս ի՞նչ ընելիք ունի հայկական կողմը:

Յ. Տ. Խ.- Ես չեմ կրնար յստակօրէն ըսել, թէ ի՛նչ մտադրութիւն ունէր Ազրպէյճան` սանձազերծելով եւ ընդլայնելով այս սահմանային միջադէպը, սակայն որոշ ենթադրութիւններ կարելի է ընել` մեկնելով ակնյայտ փաստերէ: Օրինակ արձանագրենք, որ վերջին շրջանին ազրպէյճանական պաշտօնական քարոզչամեքենան հետեւողականօրէն կը փորձէր արտաքին լսարանին համար զարգացնել այն թէզը, թէ իրականութեան մէջ չկայ արցախահայութեան եւ անոր մարդկային ու ազգային իրաւունքներու հարց, այլ հակամարտութեան առարկան Հայաստանի յարձակողապաշտ մօտեցումն է Ազրպէյճանի նկատմամբ եւ, այսպէս ըսած, Ազրպէյճանի տարածքներու բռնագրաւումը: Պատահական չէ, որ սահմանային այս համեմատաբար խոշոր բախումը ձեռնարկուեցաւ ոչ թէ Արցախի, այլ Հայաստանի նկատմամբ: Եւ դէպքերու նախորդող ժամանակահատուածին, նոյն սահմանագիծին վրայ, ժամանակ առ ժամանակ կրկնուեցան նման սադրիչ գործողութիւններ:

Եւ, ի հարկէ, հայկական կողմը ունի ընելիքներ: Անհրաժեշտ է նոյն համարձակ հակադարձութիւնը, որ տեղի ունեցաւ ռազմական բեմին վրայ, կազմակերպել նաեւ քաղաքական-դիւանագիտական ճակատին վրայ: Ազրպէյճանի անպատասխանատու ղեկավարութիւնը պատերազմական յանցաւոր գործողութիւն իրականացուցած է անկախ գերիշխան երկրի դէմ, որ ի դէպ ոչ մէկ կապ ունի Արցախեան խնդրի եւ անոր հանգուցալուծման միտող ուղիներու հետ: Միւս կողմէ, հերթական անգամ Ազրպէյճանը քամահրական վերաբերմունք կը դրսեւորէ Արցախեան հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ տարիներէ ի վեր գործադրուող ջանքերուն եւ այս գործին մէջ ներգրաւուած միջնորդ կողմերուն հանդէպ, երբ բանակցութեան մասնակիցները բազմիցս յայտարարած են հակամարտութիւնը խաղաղ ուղիով լուծելու անհրաժեշտութեան մասին:

Ճիշդ պահն է մերկացնելու ազրպէյճանական ղեկավարութեան այս անպատասխանատու գործելակերպը եւ պահանջելու միջազգային արձագանգ:

Ճիշդ առիթն է բացայայտելու նաեւ Թուրքիոյ միանշանակ ազրպէյճանամէտ կողմնորոշումը, Հայաստանի նկատմամբ սպառնալիք հանդիսանալու հանգամանքը եւ անոր յաւակնոտ ծրագիրները` այս տարածաշրջանին մէջ եւս ծաւալուն հակամարտութիւններ հրահրելու եւ որպէս բաժնետէր, մասնակից դառնալու փափաքով: Պէտք է բոլորին համար պարզ դարձնել, որ նման դերակատար չի կրնար յաւակնել անաչառ միջնորդի դերի:

Այս բոլոր հարցերուն մէջ պետական պաշտօնական, կուսակցական ու այլ մակարդակներով հայկական կողմի ընելիքները իրապէս շատ են:

Իսկ ՀՅԴ Բիւրոյի յայտարարութիւնը մեր արդէն իսկ ընթացք առած գործնական քայլերու մասին կը վկայէ: Դաշնակցութիւնը իր շրջանային մարմիններով, Հայ դատի գրասենեակներով ու յանձնախումբերով, ինչպէս նաեւ ուղեկից միութիւններով ու համակիրներով ռազմական գործողութիւններու լուրը առնելուն պէս աշխատանքի անցած է տարբեր ասպարէզներու մէջ: Այդ աշխատանքը իր որոշակի պտուղները սկսած է, ու պիտի շարունակէ տալ` տարբեր մակարդակներու վրայ:

«Ե.».- ՀՅԴ Բիւրոյի յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ հայկական զոյգ պետութիւններուն եւ հայկական բանակին կողքին ըլլալու հանգամանքին:

Յ. Տ. Խ.- Այդպէս է. անշո՛ւշտ, մեր գործունէութեան ասպարէզը միայն արտաքին ճակատը չէ: Մենք մեր զոյգ պետութիւններու եւ մեր բանակի կողքին եղած ենք ու պիտի ըլլանք մշտապէս: Այսօր ալ պատրաստ ենք յանձնառութիւններ ստանձնելու, կազմակերպելու, կոչ ուղղելու համակիր շրջանակներուն ու ողջ հայութեան` համախմբուելու մեր անընկճելի եւ հերոսական բանակին աջակցութիւն ապահովելու գաղափարին շուրջ: Այն ինչի մասին հիմա կը խօսիմ, պարզապէս յայտարարութիւն չէ, մենք նման գաղափարի միս ու արիւն հաղորդած ենք եւ 2016-ի Ապրիլեան քառօրեայէն ետք, երբ կարողացանք բաւականին շօշափելի գումար հաւաքել եւ տրամադրել մեր բանակի կարիքներուն:

Եւ հիմա ալ, տուեալ գաղափարը վերջին իրադարձութիւններու ազդեցութեամբ չէ, որ օրակարգի վրայ բերուած է. բաւական ժամանակ այս աշխատանքը նախապատրաստելու ընթացքի մէջ եղած ենք, իսկ այժմ անհրաժեշտ է զայն տեղափոխել իրագործման հուն:

Հայոց պետութիւնն ու բանակը մեր բարձրագոյն արժէքներն են, որոնց նկատմամբ սիրոյ ու գուրգուրանքի մենաշնորհ չի կրնար գոյութիւն ունենալ, կայ համընդհանուր պատասխանատուութիւն, եւ մենք մեր բաժին պատասխանատուութեան տէրն ենք:

Նախորդը

ՀՅԴ Ուսանողական-Երիտասարդական Միութիւններու Բողոքի Ցոյցեր

Յաջորդը

Իսրայէլեան Կառավարութիւնը Վաւերացուց Եւրոպային Բնական Կազի Մատակարարման Համաձայնութիւնը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?