17 յուլիսին հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ ամբողջ օրը վիճակը եղաւ համեմատաբար հանգիստ: Այս մասին յայտնեց Ճգնաժամային տեղեկատուական կեդրոնի պաշտօնական ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան` նշելով, որ քիչ կրակոցներ արձակուած են, այդ ալ` միայն հրաձգային զէնքերէ:
Ան նշեց, որ այցելած է զօրամասերէն մէկը եւ արձանագրած, որ զօրքին եւ հրամատարարութեան մարտական ոգին բարձր է, անոնք լիովին կը տիրապետեն իրավիճակին:
«Ամբողջովին կը տեսնենք թշնամիի բոլոր ոտնձգութիւնները, շարժերը, եւ եթէ կատարուի որեւէ սադրանք, ապա կը ստանայ արժանի հակահարուած», ըսաւ Յովհաննիսեան: