Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը եւ ասորական, յունական, պոնտական, կիպրական, ինչպէս նաեւ կրօնական ու քաղաքացիական իրաւանց պաշտպան այլ կազմակերպութիւններ խստօրէն դատապարտեցին Հայաստանի վրայ ազրպէյճանական նորագոյն յարձակումները` միաժամանակ կոչ ուղղելով միջազգային համայնքին, որ զօրակցի Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն եւ դատապարտէ Պաքուի մղած հայատեացութեան արշաւը:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեզի նեցուկ կանգնող կազմակերպութիւններուն, որոնք մեզի միանալով միացեալ ճակատ մը կազմեցին Ազրպէյճանի նորագոյն բռնարարքներուն դէմ: Պաքուի բռնապետական վարչակազմը պէտք է գիտակցի, որ ոչ մէկ հրահրում անպատասխան պիտի մնայ եւ թէ մենք միշտ մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին նեցուկ պիտի կանգնինք», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան: