Համրայի մէջ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հարիւրաւոր պաշտօնեաներ եւ աշխատաւորներ երէկ համախմբուեցան համալսարանի եւ յարակից հիւանդանոցի մուտքին` բողոքելով իրենց գործէ արձակման տնօրէնութեան որոշումին դէմ, որ հարիւրաւոր ընտանիքներու նիւթական եկամուտի չքացման պատճառ պիտի դառնայ: Արդարեւ, նշեալ համալսարանի տնօրէնութիւնը շաբաթներ առաջ, «Քովիտ-19»-ի պատճառով ստեղծուած տնտեսական տագնապը պատրուակելով որոշած էր գործէ արձակել աւելի քան 1500 պաշտօնեայ եւ աշխատաւոր, սակայն կատարուած միջամտութիւններուն բերմամբ այդ թիւը նուազած էր 850-ի: Ցուցարարները խորապէս ցնցուած էին` տրուած ըլլալով, որ անոնց գործէ արձակման որոշումը անակնկալ ու հապճեպ եղած էր, առանց կանխաւ ազդարարութեան: Անոնցմէ ոմանք ծանր հիւանդ պարագաներ ունին, ուրիշներ ծանրաբեռնուած են նիւթական փոխառութեան առնչուող ամսական հատուցման պարտաւորութիւններով: Անոնց բողոքի արտայայտման ցնցիչ ցուցանիշներն էին անոնց բնազդային արցունքները:
1873-ին հիմնուած հեղինակաւոր այս համալսարանի տնօրէնութեան քայլը ժխտական խոր ազդեցութիւն պիտի ունենայ այլ հաստատութիւններու վրայ, որոնք կը տառապին նմանօրինակ տնտեսական անցուկ պայմաններէ: