Կիրակի, 19 հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտուն Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ եւ ապա կատարուեցաւ հոգեհանգիստ եկեղեցւոյ հանգուցեալ բարերարներուն եւ ներկայ բարերարներու ննջեցեալներուն հոգիներուն համար:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. Քհնյ. Սարգիսեան իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ օրուան կարեւորութեան` յիշելով բոլոր այն նուիրեալ բարերարները, որոնք այրի կնոջ օրինակով իրենց լումաները զետեղեցին Ս.Յարութիւն եկեղեցւոյ գանձանակին մէջ:
Քահանայ հայրը դիտել տուաւ, որ տալը առաքինութիւն է, մանաւանդ ամբողջ սրտով եւ սիրով տալը: Ան գնահատեց ներկայ բարերարներուն ունեցած նուիրումը եկեղեցւոյ հադէպ:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք եկեղեցւոյ «Կարօ Գոնիալեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ հոգեսուրճ բոլոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար: