ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա
Վերջապէս ամառ է: Էլպիս եւ Արմենակ աւելի յաճախ կու գան եւ դարման կը բերեն ձանձրախտին: Կը բերեն նաեւ Ս. Լուդովիկոս կղզիի պաղպաղակը:
Թզենիի խոշոր տերեւներու ստուերին, առանց դիմակի նստած, կը զրուցենք:
Արմենակ զարմացած դիտեց լոլիկի տունկերուն դեղին ծաղիկները:
Էլպիս եւ Մակարուհի պաղպաղակ եւ ընկոյզով ու միրգերով պատրաստուած կարկանդակ բերին՝ շարունակելով իրենց զրոյցը մօտալուտ զեղչ-վաճառքի օրերուն մասին: Ի վերջոյ կին են եւ միշտ գնելիք կ’ունենան:
Արմենակ գնահատեց Մակարուհիին կարկանդակը: Նկատելով, որ զինք ընդմիջող չկար, շարունակեց.
– Երջանիկ էք, Հայաստանի թերթերը չէք կարդար, չէք անհանգստանար հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդի անկումային հարցերուն ի լուր եւ ի տես:
Էլպիս միջամտեց.
– Նորէն ի՞նչ գտած ես աշխարհը սեւ տեսնելու համար:
– Եթէ դուք ալ թերթերը կարդաք, լսէք նախարարները, դուք ալ սեւ կը տեսնէք:
Առաջքը առնելու համար Արմենակի անտարբերութեան դէմ ճառին, հարցուցի.
– Արմենա՛կ, կրկին ի՞նչ պատահած է դրախտավայրին մէջ:
– Որպէսզի չխորհիք, թէ կը չափազանցեմ, լսեցէ՛ք Հայաստանի նախարարի խօսքը,- եւ կարդաց. «…Հայաստանում սելեկտիվ աբորտների պատճառով տարեկան չի ծնուում մօտ 1300 աղջիկ, իսկ վերջին 25 տարիների ընթացքում չի ծնուել 40.000 աղջիկ։ Նախարարը նաեւ կոչ արեց տարբերություն չդնել տղաների և աղջիկների միջեւ եւ կարեւորել բոլոր երեխաներին»։
Մակարուհին հարցուց.
– Ի՞նչ է սելեկտիվ աբորտը:
– Հայաստանի մէջ գիտութիւնը յառաջդիմած է: Յղի հայ կիները եւ անոնց ամուսինները, երբ գիտնան թէ ծնելիք երեխան աղջիկ է, կը դիմեն վիժումի, յառաջադէմ հայերէնով՝ ապորթի: Այս կ’ընեն այր մարդոց թիւը աւելցնելու համար:
Մակարուհին ըսաւ.
– Ուրեմն 40.000 ապագայ մայրերը չծնած մեռցուցեր են, խափանած են նաեւ ապագայ այրերու ծնունդը: Մեռցնելով ե՛ւ ապագայ հայրերը ե՛ւ ապագայ մայրերը: Այդպէս: Եթէ այդ ապագայ 40.000 մայրերը չորսական զաւակ ունենային՝ 160.000: Մեր թիւը այդքանով նուազեցուցած ենք: Ամօ՛թ մեզի, ինքնացեղասպանութիւն կը գործենք՝ շարունակելով թուրքին գործը:
Քչախօս Էլպիս լուռ կը լսէր: Երբ լռեցինք, ինք շարունակեց.
– Մակա՛ր, դուն գրոց-բրոց ես: Նամակ գրէ՛ նախագահին, կաթողիկոսին, վարչապետին, լեզուի տեսչութեան, ակադեմիկոսներուն, որ ըստ Սահմանադրութեան հայերէնը կենդանացնելու համար, լեզուի սելեկտիվ ապորթ ընեն, որպէսզի մեր ինքնութիւնը փրկենք: Սելեկտիվ ապորթը վիժեցնենք:
Արմենակ շարունակեց.
– Եթէ հայ աղջիկներ չըլլան, մանչուկները երբ մեծնան, կին պիտի փնտռեն, եւ օտար աղջիկները պիտի բերեն, եթէ մինչ այդ այր եւ կնոջ տարբերութիւնը ջնջուած չըլլայ, վասն արդիականութեան:
Փողոցէն սուլելով եւ խլացնելով շտապ օգնութեան կառք մը անցաւ:
Սելեկտիվ ապորթ ընելու համար շտապ օգնութեան կառքի պէտք չկայ: Ոտքով կ’երթան եւ կու գան:
Արմենակ կարկանդակի վերջին պատառը կուլ տալէ ետք, հնդիկ կուրուի պէս խօսեցաւ.
– Ազգի համրանքին եւ լեզուին համար շտապ օգնութեան կարիք կայ: Ի՞նչ կը բանին ֆէյսպուքեան շատախօս բուժարարները:
Եւ ոտքի ելաւ մեկնելու համար:
9 յուլիս 2020



