Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Հայաստանի Կը Սպառնայ Հիւլէական Ահաբեկչութեամբ

July 17, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Հայաստանին կը սպառնայ միջազգային հիւլէական յանցագործութեամբ` ռմբակոծելով Մեծամօրի հիւլէական ելեկտրակայանը: Այդ յայտարարութիւնը կատարած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Վակիֆ Տարկեախլի:

«Հայկական կողմը պէտք չէ մոռնայ, որ աւելի ժամանակակից հրթիռային համակարգերը, որոնք կը գտնուին ազրպէյճանական բանակի զինանոցին մէջ, կրնան մեծ ճշգրտութեամբ հարուածել Մեծամօրի ելեկտրակայանը, ինչ որ Հայաստանի համար մեծ աղէտ պիտի ըլլայ», յայտնած է Տարկեախլին 16 յուլիսին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

Հայաստան 12 յուլիսին սկիզբ առած սահմանային լարուածութեան օրերուն երբեք չէ յայտարարած քաղաքացիական ենթակառոյցներ, որոնց կարգին Մինկեչաուրի ջրամբարը հարուածելու մասին, նաեւ երբեք չէ թիրախաւորած քաղաքացիներ ու բնակարաններ:

Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Պատասեան Դիմատետրի իր էջին վրայ անդրադարձած է Մեծամօրի հիւլէական կայանը ոչնչացնելու գծով Ազրպէյճանի սպառնալիքին` դիտել տալով, որ նման սպառնալիք պէտք է մտահոգիչ ըլլայ ինչպէս ամբողջ շրջանին, այնպէս ալ միջազգային հանրային կարծիքին համար:

Այս մասին արտայայտուած է նաեւ Հայաստանի արդարադատութեան նախկին նախարար Յովհաննէս Մանուկեան, որ շեշտած է, թէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը պետական ահաբեկչութեան սպառնալիք է Հայաստանի ժողովուրդին նկատմամբ:

Ան հաստատած է, որ այս հարցը անհրաժեշտ է դարձնել քննարկման առարկայ համապատասխան միջազգային կառոյցներուն եւ միջպետական երկկողմանի յարաբերութիւններու շրջագիծին մէջ պատասխանատու եւ շահագրգիռ պետութիւններու հետ` աւելցնելով, թէ պէտք է համակարգուած աշխատանքի լծուի Հայաստան, որպէսզի կարելի ըլլայ այս սպառնալիքին համարժէք պատասխան տալ:

 

 

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Խորհրդարանի Բոլոր Խմբակցութիւններու Ներկայացուցիչները Դատապարտեցին Ազրպէյճանի Սադրանքը

Յաջորդը

Վարչապետ Փաշինեան. «Մենք Պէտք Է Ամրացնենք Մեր Բազուկներն Ու Ոտքերը Եւ Ամուր Կանգնինք Այս Հողի Վրայ»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.