Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Խորհրդարանի Բոլոր Խմբակցութիւններու Ներկայացուցիչները Դատապարտեցին Ազրպէյճանի Սադրանքը

Յուլիս 17, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի խորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը` հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու սադրանքին իբրեւ հետեւանք յառաջացած լարուածութեան վերաբերող:

Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ.

«Մենք` խորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւնները ներկայացնող ֆրանսացի խորհրդարանականներս, մեր խորին մտահոգութիւնը կը յայտնենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վերսկսած թշնամական գործողութիւններուն գծով: Երկու երկիրներու հիւսիսային սահմաններուն վրայ 13 յուլիսէն սկսած փոխադարձ ռմբակոծումները արդէն արժած են մէկ տասնեակ մահեր, ինչ որ արդէն իսկ չափազանց շատ է:

Սոսկ դատապարտել այս բախումները` առանց մեղադրելու անոնց պատասխանատուները, կը նշանակէ ոչինչ ըսել:

Մենք բոլորս գիտենք, որ բախումներու վերսկսումը ուղղակի հետեւանք է Ազրպէյճանի բռնակալ Իլհամ Ալիեւի փափաքած եւ իր վարած լարուածութեան սրման ռազմավարութեան:

Պատերազմը յարմար սողանցք, խուսափելու միջոց է անոր համար, որ կ՛ուզէ շեղել իր ժողովուրդին ուշադրութիւն այն ստորնացումներէն, որոնք ի՛նք պարտադրած է` հիմնարար ազատութիւններէ զրկում, կաշառակերութիւն, հովանաւորչութիւն եւ թալան:

Տարիներէ ի վեր բացայայտօրէն յառաջ մղելով հայատեաց դաստիարակութիւնը, ներկայիս, Ազրպէյճանի նախագահին համար շատ յարմար է ուղղորդելու իր ժողովուրդին հիասթափութիւնները` նաեւ նաւթի ահագնացած սակի անկման լոյսին տակ, դէպի ժառանգական թշնամի ճշդուած դրացի ժողովուրդը:

Այս առումով, իրավիճակը աւելի բարդացած է թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, երբ Հայաստան իր տնտեսական յառաջընթացին համար կը հիմնուի իրաւական պետութեան ամրապնդման եւ բարձր արհեստագիտութեան զարգացման վրայ, մինչդեռ Ազրպէյճան կը մսխէ իր վառելանիւթի պաշարները, ինչ որ կը վտանգէ իր կենսոլորտային ապագան: Աւելի՛ն, ուղղակիօրէն Հայաստանի տարածքը թիրախաւորող այս նոր ազրպէյճանական յարձակողականութիւնը ցոյց կու տայ, որ Լեռնային Ղարաբաղը սոսկ պատճառ է ազրպէյճանական վարչակարգին համար: Հայաստանը ներակայացնելով իբրեւ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»` Ազրպէյճանի բուն նպատակը շրջանին մէջ հայկական ներկայութեան ի սպառ վերացումն է, այսպիսով ձգտելով աւարտին հասցնել աւելի քան մէկ դարու ցեղասպանութիւնը:

Այս առումով, մենք խստօրէն կը դատապարտենք ազրպէյճանական ռազմատենչ քայլերուն Թուրքիոյ ցուցաբերած յանցաւոր աջակցութիւնը: Անընդունելի է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ երկիրը, որ կոչուած է նպաստելու Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապի լուծման եւ շրջանային համերաշխութեան հաստատման, ընդհակառակը, աւելի եւս կը բարդացնէ իրավիճակը` իւղ լեցնելով կրակին վրայ: Ինչպէս Ալիեւի, այնպէս ալ Էրտողանի քայլերը, նպատակ ունենալով կանխել արտաքին ռազմական արկածախնդրութիւններուն իբրեւ հետեւանք ժողովրդականութեան անկումը, կ՛ապակայունացնեն ամբողջ շրջանը:

Կիպրոսի եւ Սուրիոյ հիւսիսի ռազմական բռնագրաւումէն, Լիպիոյ մէջ կոպիտ միջամտութենէն ետք, Թուրքիոյ վտանգաւոր ներգրաւուածութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ նոր վտանգ է շրջանային խաղաղութեան համար, եւ ըստ այդմ` նոր եւ ուղղակի ոտնձգութիւն Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան շահերուն դէմ:

Չհանդուրժելով Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան կանոնադրութեան արժէքներու նման կոպիտ ոտնահարում` մենք կոչ կ՛ուղղենք կառավարութեան (ֆրանսական) ձեռնարկել տուեալ իրավիճակէն բխող քաղաքական եւ գործօն միջոցներու:

Ներկայ պարագային, մենք չենք վարանիր ըսելու, որ ընդդէմ Ազրպէյճանի Հայաստանի սատարել կը նշանակէ սատարել ապրելու իրաւունքին»:

Յայտարարութիւնը ստորագրած են

Պեռնար Ֆորնիէ-ծերակուտական
Տանիէլ Ղազարեան-երեսփոխան
Ֆրանսուա Փուփոնի-երեսփոխան
Ֆրանսուա-Միշել Լամպեր-երեսփոխան
Կիյոմ Գասպարեան-երեսփոխան
Կի Թեսիէ-երեսփոխան
Ժան-Միշել Միս-երեսփոխան
Ժան-Փիեռ Քիւպերթաֆոն-երեսփոխան
Միշել Ամիել-ծերակուտական
Սոնիա Քրիմի-երեսփոխան
Վալերի Պուայէ-երեսփոխան

 

Նախորդը

«Էրտողան Պենզին Կը Թափէ Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապին Վրայ» Կ՛ըսէ Փայլան

Յաջորդը

Ազրպէյճան Հայաստանի Կը Սպառնայ Հիւլէական Ահաբեկչութեամբ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Եկեղեցւոյ Դէմ Արշաւը Ծրագրուած Պայքար Է Մեր Ազգային Ինքնութեան Դէմ»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Եկեղեցւոյ Դէմ Արշաւը Ծրագրուած Պայքար Է Մեր Ազգային Ինքնութեան Դէմ»

Նոյեմբեր 10, 2025
Էրտողան. «Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի, Հայաստանի  Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Երկաթուղային Ցանցի  Ընդլայնումը Դրական Ազդեցութիւն  Պիտի Ունենայ Շրջանային Առեւտուրին Վրայ»
Հայկական

Էրտողան. «Կը Գնահատենք Ալիեւի Անկեղծ Ջանքերը Եւ Կ՛ողջունենք Փաշինեանի Խիզախ Քայլերը

Նոյեմբեր 10, 2025
Հայաստանի Նախաձեռնութեամբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Որդեգրած Է Փոքր Կղզի Զարգացող Պետութիւններու Միջազգային Օր Հռչակելու Մասին Բանաձեւը
Հայկական

Հայաստանի Նախաձեռնութեամբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Որդեգրած Է Փոքր Կղզի Զարգացող Պետութիւններու Միջազգային Օր Հռչակելու Մասին Բանաձեւը

Նոյեմբեր 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?