Չաւուշօղլու. «Մենք Պատրաստ Ենք
Ազրպէյճանի Համար Զոհուելու»
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու «Թուիթըր»-ի վրայ անդրադարձած է վերջին օրերուն Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին եւ աջակցութիւն յայտնած Ազրպէյճանին:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը հրապարակած է Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի պետական քայլերգները եւ գրած. «Մենք պատրաստ ենք Ազրպէյճանի համար զոհուելու»:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար իր կարգին երէկ յայտարարեց. «Թուրքիան պիտի շարունակէ ազրպէյճանական բանակին կողքին կանգնիլ ընդդէմ Հայաստանի»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մորկըն Օրթակուս յայտարարեց, որ իր երկիրը խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստան-Ազրպէյճան պետական սահմանին վրայ ուժի կիրարկումը:
«Կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք անմիջապէս դադրեցնելու ուժի կիրարկումը եւ օգտագործելու գոյութիւն ունեցող կապի միջոցները` իրավիճակի հետագայ սրումէն խուսափելու եւ խստօրէն պահպանելու համար զինադուլը», շեշտեց ան:
Հաղորդագրութեան համաձայն, Միացեալ Նահանգներ` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, հաւատարիմ կը մնան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի երկարատեւ, խաղաղ լուծման հասնելու հարցին մէջ կողմերուն աջակցելու յանձնառութեան եւ կը շարունակեն աշխուժօրէն ներգրաւուած ըլլալ այդ նպատակին հասնելուն ուղղուած ջանքերուն:
«Միացեալ Նահանգներ կը միանան առարկայական բանակցութիւնները որքա՛ն կարելի է շուտ վերսկսելու վերաբերեալ Մինսքի խմբակի համանախագահներու կոչին եւ կը շեշտեն ԵԱՀԿ-ի դէտերու` հանգամանքներու նպաստաւոր ըլլալուն պէս շրջան վերադարձի կարեւորութիւնը», ընդգծեց Օրթակուս:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին երէկ յայտնեց. «Մենք խորապէս մտահոգ ենք հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցած փոխադարձ կրակոցներէն: Մենք երկու կողմերուն ալ կոչ կ՛ուղղենք` զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ կատարելու զինադադարի պայմաններուն մէջ իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները: Ռուսիան` իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ, պատրաստ է լուծման համար միջնորդական ջանքեր գործադրելու»:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տուժարիք յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես խորապէս մտահոգուած է Հայաստան-Ազրպէյճան պետական սահմանին վրայ ծանր զէնքերու կիրարկումով եւ ատոր պատճառով արձանագրուած կորուստներով:
«Ընդհանուր քարտուղարը կոչ կ՛ուղղէ` անմիջապէս դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները, կողմերը կը յորդորէ անմիջապէս կացութիւնը կայունացնելու ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու եւ զերծ մնալու հրահրող հռետորաբանութենէն», նշուած է հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Կութիերես իր լիակատար աջակցութիւնը յայտնած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն` ստեղծուած վտանգաւոր իրավիճակի յաղթահարման եւ Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ, բանակցութեան ճամբով լուծում գտնելու ուղղուած ջանքերուն:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի յայտարարեց, որ ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման վերաբերեալ Թեհրանի դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ:
Իրանի պետական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան շեշտած է երկու երկիրներուն` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու եւ խնդիրները խաղաղ ճամբով լուծելու անհրաժեշտութիւնը:
«Մենք կը հաւատանք, որ դրացի երկու երկիրները գոյութիւն ունեցող խնդիրները պէտք է լուծեն խաղաղ ճամբով: Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը միշտ յայտարարած է խնդիրի լուծման հարցին մէջ կողմերուն աջակցելու իր պատրաստակամութեան մասին», նշուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի մեկնաբանութեան մէջ:
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոն եւ ծերակուտական Էտուըրտ Մարքի իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին` դատապարտելով Ազրպէյճանի տագնապ հրահրող սադրիչ գործողութիւնները:
Ֆրենք Փալոն «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Ազրպէյճան դարձեալ կը փորձէ պատերազմ սկսիլ Հայաստանի դէմ: Ազրպէյճանի` Հայաստանին ու Արցախին ուղղուած մնայուն սադրիչ հռետորաբանութիւնը մէկ այլ տագնապի հրահրման համար համաձայնեցուած ջանքերու մէկ մասն է»:
Ծերակուտական Էտուըրտ Մարք իր կարգին գրեց. «Ես Հայաստանի կողքին եմ, որովհետեւ անոնք կը պահպանեն իրենց տարածքային ամբողջականութիւնը: Ազրպէյճանն ու Թուրքիան պէտք է յարգեն հայ-ազրպէյճանական սահմանը, յարգեն Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդի ձգտումները եւ պէտք է անմիջապէս կայունացնեն այս տագնապը»:
Իտալիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Մասիմիլիանօ Քափիթանիօ համերաշխութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին` ակնկալելով արագ վերադարձ խաղաղութեան:
«Ես իմ համերաշխութիւնս կը յայտնեմ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին: Իբրեւ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար, ես կ՛ակնկալեմ արագ վերադարձ խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ լիակատար յարգանք իրաւունքներու, պատմութեան եւ ինքնութեան նկատմամբ», գրած է Քափիթանիօ:
Մէկ այլ իտալացի երեսփոխան` Ալեխանտրօ Փականօ «Թուիթըր»-ի վրայ յիշեցուցած է Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իրենց հաւատքին համար 1915 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ 1,5 միլիոն սպաննուած հայերու մասին` նշելով, որ Ազրպէյճան այսօր նոյնը կը մնայ:
«Ես իմ համերաշխութիւնս կը յայտնեմ Հայաստանին, որ բազմիցս ստանձնած է քրիստոնէական աշխարհի յենասիւնի դերը: Ամէն օր այդ մասին մեզ կը յիշեցնեն միլիոնաւոր հայեր, որոնք նահատակուած են 1915-ին իսլամական Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ: Հայաստանը դարձեալ այս դերին մէջ է, այս անգամ` Ազրպէյճանի յարձակումին տակ», գրած է Փականօ: