Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՊԿ-ն Երեւանին Ու Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Դադրեցնելու Կրակոցը

July 15, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ յառաջացած լարուածութեան նկատմամբ: Այս մասին նշուած է ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութեան մեկնաբանութեան մէջ, որ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան տրամադրած է կառոյցի մամլոյ քարտուղար Վլատիմիր Զայնեթտինովը:

«ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութեան մէջ լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնեն այս տարուան 12 յուլիսին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու բախումին պատճառով հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ յառաջացած իրավիճակի լարուածութեան նկատմամբ, որուն ընթացքին օգտագործուած է նաեւ ծանր սպառազինութիւն, ինչի պատճառով կան սպաննուածներ եւ վիրաւորներ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

«Գոյութիւն ունեցող իրավիճակը չի նպաստեր կացութեան լուծման` սահմաններուն վրայ երկու դրացի երկիրներուն, որոնցմէ մէկը` Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւն է, եւ կը վկայէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան մակարդակով ձեռք բերուած զինադուլի դրութեան խախտումներու մասին», ընդգծած են ՀԱՊԿ-ի մէջ:

Ռազմաքաղաքական դաշինքին մէջ կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն «անյապաղ դադրեցնելու ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ կրակոցը»:

«Ցաւակցութիւններ կը յայտնենք մահացածներու հարազատներուն եւ մտերիմներուն, վիրաւորներուն ալ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք», նշած են ՀԱՊԿ-ի մէջ:

Կազմակերպութիւնը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդը, ՀԱՊԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդը մէկ անգամ չէ, որ կողմերուն կոչ ուղղած են տագնապին վերաբերող հարցերը լուծել բացառապէս խաղաղ ճամբով եւ խուսափիլ սադրիչ գործողութիւններէ` լարուածութեան սրացում չարտօնելու նպատակով:

Նախորդը

Բրիտանիոյ Կոչը` Դադրեցնելու Զինադադարի Խախտումը

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Հայաստանին Ու Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղեն` Անմիջապէս Դադրեցնելու Ուժի Կիրարկումը Եւ Խստօրէն Պահպանելու Զինադուլը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.