Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանային Իրադարձութեան Արձագանգը` Կացութիւնը Հակակշռի Տակ Պահելու Կոչեր

Յուլիս 14, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12 յուլիսին սկսած եւ 13 յուլիսին շարունակուած ազրպէյճանական սահմանային խախտումները` Տաւուշի ուղղութեամբ, գրաւեցին միջազգային ընտանիքին ուշադրութիւնը, եւ տարբեր կողմեր արձագանգեցին տեղի ունեցածին:

Թուրքիա, ինչպէս կ՛ակնկալուի, զօրակցեցաւ Ազրպէյճանին: Ստորեւ` արձագանգները:

Անգարա` Հայաստան-Ազրպէյճան
Սահմանային Բախումներու Մասին

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է հայ-ազրպէյճանական սահմանային բախումներուն` քննադատելով Հայաստանի զինուած ուժերուն գործողութիւնները եւ զանոնք որակելով «յարձակողապաշտ ազգայնամոլական գաղափարներու նոր դրսեւորումներ»:

Անգարա ցաւակցութիւն յայտնած է «բարեկամ եւ եղբայր» Ազրպէյճանի ժողովուրդին ու կառավարութեան` ազրպէյճանական բանակի կորուստներուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթած է վիրաւորներուն:

Տարածուած յայտարարութեան մէջ կը պնդուի, որ Հայաստանը այս արարքով կ՛ուզէ  միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը շեղել «Ազրպէյճանի տարածք Լեռնային Ղարաբաղի եւ շրջակայ տարածքներու ապօրինի բռնագրաւումէն»:

«Հայկական կողմը պէտք է հրաժարի նման վտանգաւոր մարտավարութենէ, պէտք է ընտրէ ողջախոհութիւնը եւ իրաւական ճանապարհը: Սեփական կարողութիւնները գերազանցող նպատակներու համար արկածախնդրութեան դիմելը ցոյց կու տայ, որ Հայաստան կը հանդիսանայ մեծագոյն խոչընդոտը մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար: Թուրքիա պիտի շարունակէ մնալ Ազրպէյճանի կողքին` տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու անոր պայքարին մէջ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալընը գրած է. «Խստօրէն կը դատապարտեմ Հայաստանի կողմէ իրականացուած յարձակումը»:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կը Դատապարտեն
Զինադադարի Վերջին Խախտումները

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի համանախագահները կը դատապարտեն Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ զինադադարի վերջին խախտումները: Այս մասին ըսուած է համանախագահներու հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւններու, ինչպէս նաեւ այլ աղբիւրներու հաղորդագրութիւններու համաձայն, յուլիսի 12-13-ին հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցած է զինադադարի դրութեան լուրջ խախտում, որուն իբրեւ հետեւանք զոհեր կան: Կը հաղորդուի, որ երկու կողմերն ալ օգտագործած են տարբեր տրամաչափի հրետանի: Համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը կը ցաւին մահերուն համար եւ իրենց ցաւակցութիւնը կը յայտնեն զոհուածներու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն: Համանախագահները ուղիղ կապի մէջ են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պաշտօնատար անձերու հետ միջադէպի ճիշդ սկիզբէն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Համանախագահները կը նշեն, որ կողմերը զիրար մեղադրած են զինուորական գործողութիւններ շղթայազերծելու մէջ:

«Մինսքի խմբակի համանախագահները կը դատապարտեն զինադադարի դրութեան վերջին խախտումները եւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն` ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցներու հակամարտութեան հետագայ մագլցումը կանխարգիլելու համար, ներառեալ` անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող ուղիղ կապի ուղիներու օգտագործմամբ: Մինսքի խմբակի համանախագահները նաեւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն`  կարելի եղածին չափ արագ վերսկսելու առարկայական բանակցութիւններուն եւ կարեւոր կը նկատեն ԵԱՀԿ-ի դէտերու վերադարձը տարածաշրջան, երբ պայմանները թոյլ տան», նշուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսիա Մինսքի Խմբակի Երկիրներուն Կոչ Կ՛ուղղէ`
Լարուածութեան Աճ Յառաջացնող Յայտարարութիւններէն Խուսափելու

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ երկիրներուն կոչ ուղղեց` հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ ընթացող գործողութիւններու առնչութեամբ ցուցաբերելու պատասխանատու մօտեցում ու խուսափելու լարուածութեան յաւելեալ աճ յառաջացնող յայտարարութիւններէն: Այս մասին ըսուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցի վերաբերեալ հաղորդագրութեան մէջ, որ հրապարակած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը:

«Ընդգծուած է, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ իր միջնորդական առաքելութիւնը Պաքուի եւ Երեւանի հետ հանդիպումներուն ճամբով` թէ՛ ազգային մակարդակի վրայ, թէ՛ ալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ: Ռուսական կողմը կարեւոր նկատած է նաեւ, որ Մինսքի խմբակի բոլոր անդամները պատասխանատու մօտեցում ցուցաբերեն ստեղծուած իրավիճակի գնահատականներուն մէջ եւ խուսափին յայտարարութիւններէ եւ գործողութիւններէ, որոնք կրնան լարուածութեան յաւելեալ աճ յառաջացնել», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Աւելի կանուխ հաղորդուած էր նաեւ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անթոյլատրելի կը նկատէ տարածաշրջանային անվտանգութեան սպառնացող այս լարուածութիւնը` արձագանգելով Տաւուշի ուղղութեամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած գործողութիւններուն: Ան կոչ ուղղած էր կողմերուն` զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ պահպանելու զինադադարի դրութիւնը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած էր աջակցելու իրավիճակի կայունացման:

ՀԱՊԿ Մնայուն Խորհուրդի Նիստը Յետաձգուած Է

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մնայուն խորհուրդի նիստը, որ նախատեսուած էր կայացնել 13 յուլիսին, եւ որուն ընթացքին քննարկել հայ-ազրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած դէպքը, յետաձգուած է. լուրը հաստատեցին ՀԱՊԿ-ի մամլոյ ծառայութենէն` նշելով, որ պատճառը «յաւելեալ խորհրդակցութիւններ իրականացնելու անհրաժեշտութիւնն է»:

Յատկանշական է, որ ՀԱՊԿ-ի պաշտօնական կայքէն վերցուած է նաեւ կազմակերպութեան մնայուն խորհուրդի արտահերթ նիստի հրաւիրելու լուրը:

Աւելի կանուխ ՀԱՊԿ-ի պաշտօնական կայքին մէջ տեղեկատուութիւն հրապարակուեցաւ այն մասին, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը հայ-ազրպէյճանական սահմանին լարուածութեան սրման առնչութեամբ արտահերթ նիստի նախաձեռնած է:

Մինչ այդ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած էր, որ սահմանային իրավիճակը քննարկուած է արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Սթանիսլաւ Զասի հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին:

Վրաստանի Նախագահը Մտահոգութիւն Յայտնած Է
Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանային Բախումներու Առիթով

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշպուիլին մտահոգութիւն յայտնած է 12-13 յուլիսին հայ-ազրպէյճանական սահմանին առճակատման առիթով: Այս մասին կը յայտնեն Վրաստանի նախագահի պաշտօնական կայքէն:

«Այսօր, երբ կը կռուինք անտեսանելի թշնամիին դէմ, միջազգային համերաշխութիւնն ու համաշխարհային կայունութեան պահպանումը յոյժ կարեւոր են: Մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը կարեւոր են Վրաստանի, ինչպէս նաեւ մեր երկու բարեկամ ու գործընկեր երկիրներու` Ազրպէյճանի ու Հայաստանի հետագայ զարգացման ու բարգաւաճման համար: Նախագահը յոյս ունի, որ ժամանակին անհրաժեշտ միջոցառումներու կը ձեռնարկուին եւ իրավիճակի հետագայ մագլցումէ կարելի կ՛ըլլայ խուսափիլ խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

Նախորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Խստօրէն Կը Դատապարտենք Տարածաշրջանի Անկայունութիւն Հրահրելու Թուրքիոյ Փորձերը»

Յաջորդը

Երկրորդ Օրն Ըլլալով` Ազրպէյճանական Կողմը Կրկին Խախտեց Զինադադարը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?