Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին Ջանքերով Ընդլայնուած Է Արցախի Բարեկամներու Շրջանակը

July 13, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ դատի յանձնախումբը պէտք է կարենայ բոլոր պայմաններուն մէջ աշխատանք ծաւալել, մենք չենք կրնար սպասել, որ աշխարհը մեզի  յարմարի: Այս մասին «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Հայկ Քայսերեանը` խօսելով «Քորոնա» ժահրի պայմաններուն մէջ յանձնախումբի աշխատանքներուն մասին:

«Քորոնա» ժահրին պատճառով փոխուած է միայն յանձնախումբի մարտավարութիւնը, ռազմավարութիւնը մնացած է նոյնը: Նախատեսուած շարք մը ձեռնարկներ իրականացուցած են առցանց:

«Նոր իրավիճակը, անշուշտ, բացասական երանգներ ունի, բայց դրականն ալ կայ: «Քորոնա» ժահրի տարածման սկզբնական օրերուն Հայաստանը եւ Աւստալիան նոյն դժուարութիւնները ունէին. թէ՛ հայ, թէ՛ աւստրալիացի խորհրդարանականները գրասենեակներն էին կամ տունը: Այս հանգամանքը մենք դրական առիթ նկատեցինք, որ անոնք իրարու հետ կապենք: Անցեալ տարի խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը այցելած էր Հայաստան ու Արցախ, եւ որոշեցինք այդ պատուիրակութեան անդամներուն մասնակցութեամբ խորհրդակցութիւն կազմակերպել: Խորհրդարանականները լսեցին իրենց գործընկերները, փոխանակեցին փորձառութիւններ», նշած է Հայկ Քայսերեան:

Նահանգներէն մէկուն մէջ ալ առցանց լսարան պիտի կազմակերպուի  երիտասարդներու համար, այդ լսարանի ընթացքին վերջիններս կրնան լսել Հայ դատի առաջնահերթութիւններու, ծրագիրներու մասին, յայտնել իրենց կարծիքները, հարցադրումներ կատարել: Առցանց լսարանը պիտի կազմակերպուի ընթացիկ ամսուան երկրորդ կէսին:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուն, խօսելով Արցախի հետ կապուած ծրագիրներուն մասին, նշած է, որ անոնք եւս ընթացքի մէջ են: Ըստ Հայկ Քայսերեանի, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման համար, իբրեւ նախապատրաստական քայլ, կ՛աշխատին քաղաքապետարաններու կամ նահանգային մակարդակով տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութիւն ապահովել:

«Աւստրալիոյ խորհրդարանի անդամներէն Ճոն Ալեքսանտր անցեալ տարի սեպտեմբերին այցելած էր Արցախ, եղած նաեւ Քարոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնին մէջ: Անոր միջնորդութեամբ Արցախի եւ Աւստրալիոյ մէջ գործող նմանատիպ կեդրոնի միջեւ կապ  հաստատուած է: Ներկայիս կ՛աշխատինք երկու կեդրոններու միջեւ  առցանց հանդիպում կազմակերպելու եւ հետագայ համագործակցութեան ուղղութեամբ», նշած է ան:

Բացի անկէ, Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը ստեղծուած իրադրութեան պայմաններուն մէջ աշխուժացուցած է Արցախի բարեկամներու շրջանակի ընդլայնման աշխատանքները: Աւստրալիոյ Արցախի բարեկամներու խումբը բաղկացած էր մօտ 40 հոգիէ` խորհրդարանի անդամներ, քաղաքական, հասարակական գործիչներ, որոնք հանդէս կու գան Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան դիրքերէ:

«Մենք «Քորոնա» ժահրի ժամանակ աշխատանք կատարած ենք այդ խումբին թիւը մեծցնելու: Խումբին անդամակցելով անոնք կը ճանչնան Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, ազրպէյճանցիներու կատարած անարդարութիւններուն դէմ արդարութիւն կը պահանջեն եւ իրենց ստորագրութեամբ կը հաստատեն ատիկա: Նամակը եւ ստորագրութիւնը թուային եղանակով ներկայացուցած ենք տարբեր գործիչներու եւ ուրախ ենք յայտնելով, որ հիմա Արցախի բարեկամներու խումբի անդամներուն թիւը հասած է 53-ի», ըսած է Հայկ Քայսերեան:

 

 

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ

Յաջորդը

Վահրամ Պօղոսեան. «Արցախի Մէջ Այս Պահուն Սահմանի Ամբողջ Երկայնքին Յարաբերական Հանգիստ Կը Տիրէ»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.