Այս պահուն սահմանի ամբողջ երկայնքին յարաբերական հանգիստ կը տիրէ, եւ պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ վստահօրէն կատարել իր առջեւ դրուած խնդիրը:
Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Վահրամ Պօղոսեան:
«Քանի որ Տաւուշի ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանի դիրքերէն մէկը այս պահուն թշնամին ռմբակոծած է, կ՛ենթադրեմ, որ հանրութեան մեծ մասը, յատկապէս` բազմաթիւ զինուորներու ծնողներ, հետաքրքրուած են նաեւ արցախեան-ազրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակով:
Այս պահուն սահմանի ամբողջ երկայնքին յարաբերական հանգիստ կը տիրէ, եւ պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ վստահօրէն կատարել իր առջեւ դրուած խնդիրը: Անփորձանք գիշեր եւ ծառայութիւն` հայոց սահմանները հսկող մեր բոլոր զինուորներուն»: