Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հասարակ Ժողովուրդը` Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Թակարդին Մէջ

July 10, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Օրէ օր հասարակ ժողովուրդը աւելի դժնդակ պայմաններ կը դիմագրաւէ Լիբանանի մէջ:

Օրէ օր, աւելի կը դժուարանայ անգործին գործ գտնելը, ցած աշխատավարձ ստացողին աշխատավարձի բարձրացումը, տան սեփականատիրութիւնը, հիւանդանոց եւ համալսարան մտնելը:

Անշուշտ, այս բոլոր ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններուն պատճառները նոր չեն, այլ տարիներու ընթացքին վարուած ազատ շուկայական տնտեսական համակարգին հետեւանքով կուտակուած են:

Լիբանանը (ի տարբերութիւն շրջանին մէջ գտնուող այլ պետութիւններու) չունի ամբողջութեամբ ձրի կրթական եւ առողջապահական համակարգ, ծերութեան ապահովագրութիւն (թոշակ), զօրաւոր արհեստակցական միութիւններ եւ պետական հսկողութիւն շուկայի վրայ:

Աւելի՛ն. տարիներու ընթացքին տիրական դարձան շուկայի ապահսկումը, տնտեսութեան ապաարդիւնաբերականացումը, մեծահարուստներու եկամուտի եւ հարստութեան հարկման փոխարէն Յաւելեալ արժէքի հարկի որդեգրումը, հարկային փախուստները, անձնական սեփականատիրութեան տակ գտնուող դպրոցներ, համալսարաններ եւ հիւանդանոցներ:

Վերը յիշուած բոլոր երեւոյթները ընդլայնեցին ընկերային դասակարգերուն միջեւ անհաւասարութիւնները, պատճառեցին սաստիկ սղաճ (անջրպետ աշխատավարձերուն եւ շուկայի գիներուն միջեւ), անգործութիւն, տնազրկութիւն, մահ` հիւանդանոցներու դռներուն առջեւ, հիւանդանոցներուն մէջ բուժում ստանալը կամ համալսարան աւարտելը պերճանքի վերածուեցան, եւ մարդիկ պարտքերու մէջ խորտակուելով հոգեկան հիւանդութեան պատճառով անձնասպանութիւններ գործեցին: Ամբոխավարութենէն ուղեղալուացի ենթարկուածներ հնչեցուցին իրենց օտարատեաց եւ ցեղապաշտ խօսքերը` մեղադրելով պատերազմէն փախած խեղճ փախստականները կամ աշխատաւոր գաղթականները (առանց նկատի ունենալու, որ անոնք չարաչար կ՛ենթարկուին տնային բռնութեանց, բռնաճնշումի եւ շահագործման):

Նկատի ունենալով բոլոր այս դժուարութիւնները, 30 ապրիլ 2020-ին Լիբանան դիմեց Միջազգային դրամական ֆոնտին:

Սակայն ի՞նչ կը նախատեսուի այս դիմումէն: Լիբանանը արաբական աշխարհին մէջ միակ պետութիւնը չէ, որ դիմած է նշեալ կառոյցին, բայց անոր դիմած միւս պետութիւններուն արդիւնքները ինչպիսի՞ պատկեր կը ներկայացնեն:

Յորդանանը, օրինակ, որուն արդիւնաբերութեան արտածման տարեկան շահը 7,511 միլիառ ամերիկեան տոլար է, ֆոսֆաթի հանքերու տարեկան արտադրութիւնը` 64.880.930 ամերիկեան տոլար, իսկ համախառն ներքին արդիւնքին 19 առ հարիւրը կու գայ զբօսաշրջութեան մարզէն, 2016-ին կիրարկեց Միջազգային դրամական ֆոնտին առաջադրանքները, եւ արդիւնքները եղան հետեւեալները. բնակչութեան 15,7 առ հարիւրը աղքատութեան շեմին տակ կ՛ապրի, սղաճը 2017-ին (ֆոնտին առաջադրանքներուն կիրարկումէն անմիջապէս մէկ տարի ետք) հասաւ 3,32 առ հարիւրի (տակաւին բարձրանալու վրայ է), իսկ անգործութիւնը հասած է 19 առ հարիւրի (աղբիւր` «Յորդանանի վիճակագրական բաժին»):

Նկատի ունենալով, որ Յորդանանը արդիւնաբերական երկիր է, պետական հսկողութիւն եւ ազգային ապահովագրական աւելի նպաստաւոր կարգավիճակ ունի, եւ այս պատկերը պարզեցին արդիւնքները, հապա Լիբանանի արդիւնքները ի՞նչ պիտի ըլլան, եթէ, հակառակ Յորդանանին, ապաարդիւնաբերական, տկար պետական հսկողութիւն եւ աւելի աննպաստ ապահովագրական պայմաններ ունի, առաւել եւս անոր արդիւնաբերութեան արտածման տարեկան շահը միայն 3,524 միլիառ ամերիկեան տոլար է, եւ բնակչութեան 27 առ հարիւրը աղքատութեան մէջ կ՛ապրի:

Արդիւնքները փաստ են, որ տարիներու ընթացքին Լիբանանի մէջ կիրարկուած ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւնները (որոնք հիմնուած են ազատ շուկայական տնտեսութեան վրայ) պատճառ դարձան Լիբանանի ներկայ ընկերային-տնտեսական ճգնաժամին:

Իսկ եթէ Միջազգային դրամական ֆոնտին դիմելը չարեաց փոքրագոյնն է, այդ ալ, դժբախտաբար, ի վնաս է ցած աշխատավարձերով աշխատողներուն եւ անգործներուն (ինչպէս ցոյց կու տան ֆոնտին առաջադրանքները որդեգրող պետութիւններուն արդիւնքները):

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (9 Յուլիս 2020)

Յաջորդը

Ֆանար-Լէյլաւան. Քառամսեայ Աշխատանքներու Հաշուետուութիւն Եւ Կամաւորներու Գնահատում

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.