Մեծ Եղեռնի հարցին մէջ Սպիտակ տան վարչակազմին քաղաքականութիւնը փոփոխութեան չէ ենթարկուած: Այս մասին «Ամերիկայի ձայն»¬ին յայտնած են Սպիտակ տունէն եւ աւելցուցած, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը վերահաստատած է. «Մեծ Եղեռնը պատմական ոճրագործութիւն եւ ողբերգութիւն է, եւ Միացեալ Նահանգները կանգնած են հայ ժողովուրդին կողքին»:
Տենվըր քաղաքի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին առնչութեամբ Սպիտակ տան բանբեր Քէյլի Մըքենընի անդրադարձը աշխուժօրէն քննարկուած էր ամերիկեան մամուլին մէջ:
Քէյլի Մըքենըն երկուշաբթի օր արտասանած էր «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը` անդրադառնալով ամերիկեան Տենվըր քաղաքի մէջ վանտալիզմի ենթարկուած Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին:
Քանի մը շաբաթ առաջ տեղի ունեցած ցեղային խտրականութեան դէմ բողոքի ցոյցերու ընթացքին յուշարձանը յարձակումի ենթարկուած էր:
Թուրքիան արձագանգած է Սպիտակ տան բանբերին խօսքերուն` լրատուամիջոցներու յայտնելով, որ այս հարցի շուրջ Թրամփի վարչակազմի դիրքորոշումը բաւական յայտնի է:
Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը լրատուամիջոցներուն յայտնած է, որ անընդունելի կ՛որակէ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրի օգտագործումը` կարծիք յայտնելով, թէ բանբերին կողմէ ատոր օգտագործումը լեզուի ցաւալի սայթաքման արդիւնք է, որ խնդիրին այլ բովանդակութիւն տուած է:



