Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ առաւօտ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում ունեցաւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ:
Վարչապետը Պքերքէէն յայտնեց, որ Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. պապին հետ իր ունեցած հանդիպումը «կարեւոր եւ շատ օգտակար էր, եւ անոր Լիբանան սպասուող այցելութենէն բարիք կը յուսանք»:
«Խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան իրենց սահմանադրական ժամկէտին, իբրեւ կառավարութիւն այս հիմամբ կ՛աշխատինք, եւ ասիկա քննարկելի հարց մը չէ», նշեց Սալամ:
«Նախարարական սեղմ յանձնախումբ մը կազմեցինք` քննելու համար ընտրական օրէնքի գործադրութիւնը: Թերութիւններ եւ անյստակութիւն գոյութիւն ունին, եւ ատիկա բացառապէս օրէնսդրական խնդիր մըն է, որ կառավարութեան լիազօրութիւններէն դուրս է», ըսաւ վարչապետը:
«Մեր որոշումը յստակ էր, եւ սեղմ յանձնախումբին ոչ աւելի քան մէկ շաբթուան ժամանակ տուինք», յայտնեց ան:
«Զէնքի մենաշնորհը այլեւս նշանաբան կամ արտայայտութիւն մը չէ, եւ հարցը գործնական բնոյթ ստացաւ: Մենք մէկ շաբաթ ետք պիտի ծանօթանանք բանակի զեկուցումին», շեշտեց Սալամ` աւելցնելով. «Զէնքի մենաշնորհի հարցէն ետդարձ չկայ, եւ մենք բանակի ծրագիրին հիմամբ կը գործենք»:
«Անցնող շաբաթներուն ընթացքին իսրայէլեան մագլցում տեղի ունեցաւ, եւ մենք ամբողջ մեր ջանքով կ՛աշխատինք Մեքանիզմի յանձնախումբին եւ արաբական ու միջազգային մեր յարաբերութիւններուն ճամբով մեր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնել ոտնձգութիւնները դադրեցնելու եւ թշնամական գործողութիւններու դադրեցման համաձայնութեան վերադառնալու նպատակով զօրաշարժի ենթարկելու համար», աւելցուց վարչպետը:
«Պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ զէնքի վերաբերեալ լուրջ քայլեր որդեգրեցինք, եւ աւելի քան 20 բեռնակառքի մէջ բեռցուած ծանր զէնքեր յանձնուեցան. այս հոլովոյթը կը շարունակուի, եւ տակաւին զայն չենք աւարտած», նշեց Սալամ:


