Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոմփէօ Չինաստանը Կը Մեղադրէ «Կայսերական» Յաւակնութիւններու Համար

June 30, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարած է, որ Չինաստանին կարելի չէ արտօնել Հարաւչինական ծովու ջուրերուն վերաբերիլ իբրեւ իր «կայսրութեան» մէկ մասը, եւ խոստացած է մօտ օրէն այդ առնչութեամբ յայտարարութիւն կատարել: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

«Կարելի չէ Չինաստանին արտօնել Հարաւչինական ծովու ջուրերուն վերաբերիլ իբրեւ իր ծովային կայսրութեան մէկ մասը: Այդ մասին մօտ օրէն աւելի շատ տեղեկութիւն պիտի ունենանք», յայտարարած է Փոմփէօ:

Փոմփէօ նաեւ նշած է. «Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու ընկերակցութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու` Հարաւչինական ծովուն մէջ վէճերը միջազգային իրաւունքի, ներառեալ ՄԱԿ-ի ծովային իրաւունքի ուխտի արժեչափերուն համապատասխան լուծելու մտադրութիւնը»:

26 յունիսին Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու ընկերակցութիւնը տեսաժողովի ձեւաչափով գումարուած 36-րդ վեհաժողովի ընթացքին միացեալ յայտարարութիւն որդեգրած է, որուն մէջ անդամ երկիրները լուրջ մտահոգութիւն յայտնած են Հարաւչինական ծովուն մէջ աճող լարուածութեան վերաբերեալ: Վեհաժողովին մասնակիցները կոչ ուղղած են բոլոր վէճերը լուծել միջազգային օրէնքի հիման վրայ:

Տասնամեակներ շարունակ Չինաստան կը վիճարկէ խաղաղովկիանոսեան Ասիոյ շրջանի շարք մը երկիրներու հետ` տարածքային պատկանելիութիւնը Հարաւային Չինաստանի ծովուն մէջ գտնուող քանի մը կղզիներու, որոնց տարածքներուն մէջ յայտնաբերուած են զգալի չափով ածխաջրածնային պաշարներ:

Խօսքը նախ եւ առաջ կը վերաբերի Սիշա արշիպեղակոսին, Նանշա եւ Խուանիան կղզիներուն: Վէճին մէջ այս կամ այն չափով մասնակից են Վիեթնամը, Պրունէյը, Մալեզիան եւ Ֆիլիփեան կղզիները:

Նախորդը

Իտալական Ֆութպոլ. Մխիթարեան Ա. Էս. Ռոմայի Հետ Պիտի Մնայ Մինչեւ Օգոստոս

Յաջորդը

«Պիելոռուսիան Ռուսիոյ Միակ Դաշնակիցը Մնացած Է» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.