ՄԱՀԱԶԴ
Բագրատունի, Սամուէլեան, Գուրույեան, Խանճեան, Տիկճեան ընտանիքներ խոր ցաւով կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԱՆԱՀԻՏ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻԻ
(Ծնեալ` Խանճեան)
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 13 յունիս 2020-ի առաւօտեան:
«Քորոնա» ժահրի պարտադրած պայմաններուն պատճառով յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ կիրակի, 14 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ, եւ հանգուցեալին մարմինը ամփոփուեցաւ ընտանեկան դամբարանին մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին հեռաձայնով կամ ե-նամակի միջոցով.- hagoppakradouni@hotmail.com
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապին:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր վաստակաշատ անդամուհիներէն`
ԱՆԱՀԻՏ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻԻ
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 13 յունիս 2020-ին:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր շրջանի անդամուհիներէն`
ՆՈՒԱՐԴ ՇԱՀԱՊԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 14 յունիս 2020-ին:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Ֆետի եւ Լենա Քայալ
Տէր եւ տիկին Միշել եւ Սիլվանա Պատան
Տիկին Ժանէթ Աւագեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Վարդուհի Զապունեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Ռոզա Շահապեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արծիւ Տէր Խաչատուրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին մեթր Բիւզանդ եւ Լիզա Պասթաճեան եւ զաւակը` մեթր Ճօ Պասթաճեան
Քայալ եւ Պատան ընտանիքներ
Զապունեան եւ Շահապեան ընտանիքներ
Տէր Խաչատուրեան եւ Փանոսեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, աներմօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`
ՆՈՒԱՐԴ ՇԱՀԱՊԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԶԱՊՈՒՆԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 14 յունիս 2020-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երկուշաբթի, 15 յունիս 2020-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին հեռաձայնով 78/834825, 78/830355, 01/560988
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Լիբանանի «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապին:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Շաքէ Մխճեան-Յովակիմեան (Եգիպտոս)
Տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Մարալ Մխճեան եւ զաւակները` Րաֆֆի (Անգլիա) եւ Արա (Սպանիա)
Տէր եւ տիկին Պօղոս եւ Լուսին Մխճեան եւ զաւակները` Շանթ եւ Շանթալ (Միացեալ Նահանգներ)
Տոքթ. Արմէն եւ Գարոլ Մազլումեան եւ դուստրը` Դալար (Եգիպտոս)
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Արաքսի Յովակիմեան եւ զաւակները` Նոյ եւ Փաթիլ (Եգիպտոս)
Տէր եւ տիկին Ռազմիկ եւ Աթսուքօ Յովակիմեան եւ զաւակները` Ֆիրա եւ Աթիսիւս (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Քրիստ եւ Հուրի Սթիուորթ եւ դուստրը` Քիմպըրլի (Անգլիա)
Տէր եւ տիկին Ֆորտըն եւ Անի Հոլմըն (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Նաթալի Մխճեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՊԵՐՃՈՒՀԻ ՄԽՃԵԱՆի
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 13 յունիս 2020-ին, Լոս Անճելըս, Միացեալ Նահանգներ:
Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 14 յունիս 2020-ին, Լոս Անճելըսի United Armenian Orthodox church-ի մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հողաշերտ կամ կառուցուած տուն` հողամասով, Պոլոնիայի կամ շրջակայքի շրջաններու մէջ:
Դիմել հեռ. 03-381979 թիւին:
————————————-
ԱՆԱՀԻՏ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՔԱՀԼ-ԻՆ ԵՂԱԾ ԵՆ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Տիկին Սօսի Մենտիլեան` 300.000 լ.ո.
Տիկին Սիրօ Վարդանեան` 150.000 լ.ո.