Թոքիոյի ամառնային ողիմպիականի խաղերուն կայացման կամ չկայացման գծով վերջնական որոշում պիտի տրուի 2021-ի գարնան, այս գծով յայտնեց ճափոնական «Kyodo» գործակալութիւնը: Ամէն ինչ կախեալ պիտի ըլլայ «Քորոնա» ժահրին որ հանգրուանը հասնելուն:
Ողիմպիականի կազմակերպիչ կոմիտէի յանձնախումբին նախագահը եւ Թոքիոյի խաղերուն կազմակերպիչ յանձնախումբին նախագահը, իրարու հետ իրենց ունեցած հանդիպումէն ետք, եկած են այս եզրակացութեան:
Ինչպէս ծանօթ է, որ նախորդ 24 մարտին, «Թոքիօ-2020»-ի ամառնային ողիմպիականի խաղերը յետաձգուեցան…մէկ տարիով:
Ներկայ դրութեամբ, ողիմպիականի խաղերը պիտի պահեն իրենց անուանումը՝ «Թոքիօ-2020»: