Լոնտոնեան Թոթենհամ ֆութպոլի ակումբին ղեկավարութիւնը, որոշեց օգտուիլ Անգլիոյ կառավարութեան կողմէ տրամադրուելիք նիւթական օժանդակութենէն եւ անկէ 175 միլիոն սթերլին պարտք առաւ,որպէսզի կարենայ յաղթահարել «Քորոնա» ժահրին պատճառով իր ունեցած կորուստները, այս գծով յայտնեց «Goal.com»-ը։
Բայց եւ այնպէս, ակումբը իրաւունք չունի այդ գումարը օգտագործել նոր ֆութպոլիստներ ձեռք ձգելու համար:
Նշենք, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի կիսատ մնացած ըլլալուն պատճառով, Թոթենհամի վնասները կրնան հասնիլ մինչեւ 200 միլիոն սթերլինի:
Ինչպէս ծանօթ է, որ «Փրեմիեր-Լիկ»-ը պիտի վերսկսի յառաջիկայ 17 յունիսին: 30-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, յառաջիկայ 19 յունիսին Թոթենհամ պիտի հիւրընկալէ Մանչեսթըր Եունայթըտը: