Նախորդ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացաւ Կարօ Գազանճեանը ( Ըստէզ):
Ան եղած է ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի գործունեայ եւ վաստակաւոր եղբայրներէն` ըլլալով մարզիչ, իրաւարար, մարզանքի ուսուցիչ, նաեւ մեծ ներդրում ունեցած է ՀՄԸՄ-ի միջդպրոցական ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերու ծիրին մէջ:
Մեր խորին ցաւակցութիւնները եղբօր ընտանիքին եւ հարազատներուն:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ