Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնալիբանանի Նահանգապետը Այցելեց Պուրճ Համուտ

May 30, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնալիբանանի նահանգապետ դատաւոր Մոհամետ Մըքքաուի հինգշաբթի, 28 մայիս 2020-ին այցելեց Պուրճ Համուտ: Ան շրջապտոյտ մը կատարեց` ընկերակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Մեթնի գաւառապետ Մարլեն Հատտատի եւ Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սըտի քաղաքապետ Անթուան Ժըպարայի:

Մըքքաուի նախ այցելեց Էշրեֆիէի կամուրջի շրջանը, ուր քաղաքապետութիւնը բարեզարդման աշխատանք կը տանի կամուրջին վրայ եւ ինքնաշարժներ շարելու նոր տարածք կը ստեղծէ անոր տակ:

Ապա Լեռնալիբանանի նահանգապետը անցաւ Մարաշ թաղ, որուն նորոգութեան աշխատանքները նոր աւարտած էր քաղաքապետութիւնը:

Այնուհետեւ Մըքքաուի գնաց ծովեզերք, ուր կը գտնուի թափօններու թաղման վայրը: Հոն ան յայտարարեց, որ այս այցելութիւնը կը կատարէ աղբերու տագնապէն ետք եւ նախքան Մեթնի ծովեզերեայ շրջաններու քաղաքապետութիւններուն հետ ժողով մը` քննարկելու համար այս հարցին հիմնական լուծումը:

«Հոս կատարուած է մեծ աշխատանք` բոլորին ճիգերով. հոս կանգնած ենք, եւ ոչ մէկ գարշահոտութիւն կայ», ըսաւ ան:

«Աղբերը թաղելը լուծում չէ», ըսաւ նահանգապետ Մըքքաուի` յոյս յայտնելով, որ Մեթնի ծովեզերեայ շրջաններու քաղաքապետութիւններուն հետ խորհրդակցաբար կարելի կ՛ըլլայ մշակել պատկերացում մը եւ զայն ներկայացնել կառավարութեան, որպէսզի մէկէ աւելի շրջաններու մէջ որդեգրուի: «Այս հարցին միակ իսկական լուծումը հիմնական եւ վերջնական լուծումն է», նկատել տուաւ ան:

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը Այցելած Է Առաջին Հանրապետութեան Գործիչներու Շիրիմները

Յաջորդը

Անուանակոչութիւն Արամ Ա. Կաթողիկոսին

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.