Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՈՒՇԱԴԻՐ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՏԻՆՔԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՈՎ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ

January 12, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թոմաս Համըրպըրկ

Եւրոպական խորհուրդի մարդկային իրաւունքներու գծով յանձնակատար Թոմաս Համըրպըրկ երեքշաբթի օր հրապարակած զեկուցումին մէջ յայտնեց, որ Եւրոպական խորհուրդը ուշադրութեամբ կը հետեւի «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի` 2007 թուականին կատարուած սպանութեան գործի դատաքննութեան:

«Արդարադատութեան համակարգի գործունէութիւնը եւ մարդկային իրաւունքները Թուրքիոյ մէջ» խորագրեալ շուրջ 40 էջնոց այս փաստաթուղթին մէջ Տինքի գործով դատավարութիւնը կը նշուի մօտ 10 անգամ` հիմնականին մէջ քննադատական լոյսի տակ:

Համըրպըրկը իր զեկուցումին մէջ կ՛ընդգծէ, որ վերջին տարիներուն թրքական արդարադատութեան համակարգը շարք մը բարելաւումներ արձանագրած է, ինչ որ սակայն Տինքի սպանութեան գործի քննութեան վրայ գրեթէ չէ անդրադարձած:

Համըրպըրկ իր զեկուցումին մէջ նշեց, որ ինք կ՛ողջունէ անպատժելիութեան դէմ պայքարին մէջ թրքական կողմի արձանագրած յաջողութիւնները` նախ եւ առաջ մարդկային իրաւունքներու խախտումներու մասով: «Անոր հետ միասին անլոյծ կը մնան շարք մը խնդիրներ, որոնք ի յայտ եկան գրող եւ լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան գործի քննութեան ընթացքին: Սակայն, անհրաժեշտ է նկատել, որ վերջին շրջանին աղմկայարոյց դատավարութիւններու, որոնց շարքին` Տինքի սպանութեան գործի դատաքննութեան ընթացքին արձանագրուած խախտումները նպաստեցին այս նիւթին վերաբերեալ հանրային տեղեկացուածութեան աճին»:

Համըրպըրկ պնդեց, որ Տինքի գործին մէջ գոյութիւն ունեցող գլխաւոր թերութիւններէն մէկը սպանութեան կազմակերպիչներուն մասով քննութեան անբաւարար ընթացքն է:

Իբրեւ ըսուածի ապացոյց, Եւրոպական խորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատարը կը մատնանշէ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի` 2010 թուականին տուած վճիռը, որուն մէջ յստակօրէն նշուած է, որ թրքական պետութիւնը թերացած է Տինքի կեանքը պաշտպանելու հարցին մէջ: Ան աւելցուց, որ այս խնդիրին շուրջ կատարուած են շարք մը վարչական հետաքննութիւններ, որոնց մէջ սակայն Տինքի ընտանիքը չէ ներգրաւուած:

Համըրպըրկ նշեց, որ ինք լրջօրէն հետեւած է Տինքի գործի ընթացքին, որուն մէջ Մարդկային իրաւունքներու դատարանը շարք մը խախտումներ յայտնաբերած է: Ըստ անոր, թրքական իշխանութիւնները պարտաւոր են այդ բացթողումները սրբագրել:

 

Նախորդը

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ 23 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ

Յաջորդը

ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԿԸ ՀՐԱԺԱՐԻ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ԴՆԵԼ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀԱՐՑԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.