Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ 23 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ

January 12, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆրանսական ծերակոյտը

Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան երեքշաբթի օր «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ֆրանսայի ծերակոյտը որոշած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը քննարկել 23 յունուարին:

«Այսօր ծերակոյտի վարչական խորհուրդը, որ ծերակոյտի օրակարգերը կ՛որոշէ, այսինքն` դիւանը, հաստատեց, որ քննարկումը ամսուան 23-ին է», ըսած է Վարժապետեան: Ըստ անոր, հարցը պէտք է քննարկուէր 24 յունուարին, սակայն որոշուած է քննարկումը մէկ օր առաջ սկսիլ, «որովհետեւ երկու օրուան վրայ` 23-24 յունուար երկարող լիագումար նիստը ուզեցին 23-ին ընել, որպէսզի աւելի շատ ժամանակ ունենան քննարկելու եւ քուէարկելու` երկուշաբթի օրը, եւ քննարկումը վերջին օրուան չմնայ»: Ան ընդգծեց է, որ հարցը պաշտօնապէս ծերակոյտի օրակարգին վրայ է եւ քննարկման օրն ալ նշանակուած է. «Քննարկման եւ քուէարկութեան, բնականաբար»:

Ինչ կը վերաբերի ծերակոյտին մէջ օրինագիծին թեր եւ դէմ ձայներու յարաբերակցութեան պատկերին, Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէնը յայտնած է. «Ներկայ պահու դրութեամբ, մեր հաշուարկներով եկած ենք այն եզրակացութեան, որ թէ՛ իշխող աջակողմեան կուսակցութեան, թէ՛ ընդդիմադիր Ընկերվարական կուսակցութեան մօտ երկու կողմերուն միջեւ որոշ համախոհութիւն կայ, եւ 65 առ հարիւրով, այսօրուան դրութեամբ, կրնայ թեր քուէարկուիլ: Սակայն միշտ ալ, անշուշտ, քաղաքական կեանքին մէջ վերիվայրումներ կրնան պատահիլ, եւ վերջին պահուն քաղաքական ինչ-ինչ ճնշումներով եւ ինչ-ինչ հաշիւներով պատկերը կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ: Սակայն ներկայ պահու դրութեամբ` 65 առ հարիւրով թեր պիտի քուէարկուի եւ, կը կարծեմ, որ օրէնքը կ՛անցնի` կ՛որդեգրուի նաեւ ծերակոյտին մէջ»:

Նշենք, որ Անգարա Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ նշեալ օրինագիծի որդեգրման կտրուկ հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ եւ այժմ ջանքեր կը գործադրէ ծերակոյտին կողմէ ատոր որդեգրումը կանխարգիլելու համար:

Նախորդը

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՔՐՏԱԿԱՆ ԵՒ ՅՈՒՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐԸ ՕՊԱՄԱՅԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԵՆ` ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ

Յաջորդը

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՈՒՇԱԴԻՐ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՏԻՆՔԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՈՎ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.