Ներկայ պայմանները հասկնալիօրէն կը խոչընդոտեն յոբելենական եւ համազգային խորհուրդ ունեցող տօներուն ուղղութեամբ «Ազդակ»-ի ծրագիրներու իրականացումը: Այսուհանդերձ, «Ազդակ» կը փորձէ որոշ ընդգծումներով հանրայնացնել մեծ խորհուրդ պարունակող տօներու մամուլի պարունակին մէջ նշումները:
Փոխան յատուկ յաւելուածի կամ առանձին հրատարակութեան, «Ազդակ» մայիս 28-ի իր առօրեայ թիւի բովանդակութիւնը ամբողջովին պիտի տրամադրէ հայոց ժամանակակից պատմութեան ամէնէն մեծ իրադարձութեան մասին վերլուծական եւ արխիւային բնոյթ ունեցող յօդուածներու: Տարբեր երկիրներէ Ազդակին աշխատակցող մեր յօդուածագիրները խմբագրութեան կ՛ուղարկեն իրենց գրութիւնները:
«Ազդակ»-ի առցանց լսարանը յատուկ հարթակի վրայ սկսած է արդէն համախմբել մտաւորականներու, հասարակական գործիչներու, պատմաբաններու եւ յօդուածագիրներու խումբ մը: «Ազդակ»-ի լսարանային բաժինը ներկայ պայմաններուն մէջ ընդլայնած է իր աշխարհագրութիւնը թէ՛ զեկուցաբերներու, եւ թէ լսարանականներու առումներով: Ցանցային դրուածքի ձեւաւորման գործընթացը կը շարունակուի:
Մայիս 28-ի նախօրեակին «Ազդակ»-ի առցանց լսարանը, որ տեղի պիտի ունենայ 26 մայիսին, նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 102-ամեակին: Ազգային արխիւին մէջ գտնուող Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան վերաբերող արխիւներուն մասին պիտի զեկուցէ Ազգային արխիւի տնօրէն դոկտ. Ամատունի Վիրապեան: