Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարաշ Թաղին Նորոգութեան Աշխատանքը Աւարտին Հասաւ

May 23, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան Հանրօգուտ աշխատանքներու բաժանմունքը երէկ ամբողջացուց Մարաշ փողոցի նորոգութեան աշխատանքը: Յիշեցնենք, որ Մարաշ փողոցը նախապէս ծածկուած էր քարերով, սակայն ծանր բեռնակառքերու եւ  ջուրի փոխադրութեան բեռնատարներու երթեւեկը պատճառ եղած էր, որ շարուած քարերը կոտրին:

Հետեւաբար, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը որոշեց այդ քարերը փոխարինել կուպրով: Առ այդ, որոշ ժամանակէ ի վեր սկսաւ Մարաշ փողոցի կուպրապատումի նախապատրաստական քայլերու առաջին փուլը, երբ աշխատանքի խմբակներ սկսան վերցնել զետեղուած քարերը` առ ի պատրաստութիւն կուպրապատման: Նաեւ պատրաստուեցաւ փողոցի ենթակառոյցը (անձրեւի եւ ապականած ջուրի ցանցեր, ջրանցքներու եւ կոյուղիներու ծածկեր եւ այլն):

Կուպրապատումէն ետք քաղաքապետութիւնը ձեռնարկեց փողոցի մայթերու բարեկարգման եւ սիւներու դասաւորման` այնպէս մը, որ ինքնաշարժները շարուին մէկ կողմի վրայ` երթեւեկի ազդալոյսերու կողքին:

Այնուհետեւ կատարուեցաւ մայթերու նորոգութիւնը. փողոցի մէկ կողմի (հիւսիս-արեւելեան) մայթը երկաթէ ձողերու զետեղումով կը վերապահուի հետիոտն երթեւեկողներուն, իսկ միւս կողմի (հարաւ-արեւմտեան) մայթին վրայ թաղի բնակիչներուն կ՛արտօնուի ինքնաշարժներ շարել երեկոյեան  ժամը 6:00-էն առաւօտեան ժամը 9:00: Ցերեկային ժամերուն կ՛արգիլուի այդ կողմին վրայ եւս ինքնաշարժ շարելը, բացառութեամբ կարճ ատենով ապրանք պարպել-լեցնելու համար: Այս դասաւորումին նպատակն է առիթ տալ  առեւտրական իր բնոյթով յայտնի այս թաղի գործատէրերուն շարունակել իրենց աշխատանքը, միաժամանակ ապահովելով ինքնաշարժներու հանգիստ անցք, հետիոտն  յաճախորդներու ապահով երթեւեկ եւ թաղի բնակիչներուն գիշերը ինքնաշարժ շարելու դիւրութիւն:

Այս աշխատանքները հասան իրենց աւարտին: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնէ Մարաշ թաղի բնակիչներուն եւ առեւտրականներուն, որոնք հասկացողութեամբ ընկալեցին այս աշխատանքներուն անհրաժեշտութիւնը  առաջին հերթին իրենց համար, եւ համբերատարութեամբ սպասեցին թաղի նորոգութեան աշխատանքներու աւարտին:

 

Նախորդը

ԼԵՄ-ականները Պուրճ Համուտի Մէջ Դիմակ Կը Բաժնեն Անցորդներուն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ը` Մայիս 28-ին Ընդառաջ

RelatedPosts

«Սնունդի Հասանելիութիւն Եւ Խաղաղ Համակեցութիւն» Խորագիրով Ծրագիրի Աւարտին Նուիրուած Ձեռնարկ «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ
Գաղութային

«Սնունդի Հասանելիութիւն Եւ Խաղաղ Համակեցութիւն» Խորագիրով Ծրագիրի Աւարտին Նուիրուած Ձեռնարկ «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ

October 21, 2026
ԱՖՀԻԼ-ի Եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէի Համագործակցութեամբ Ապահովագրութեան Քարտեր Յանձնուեցան Այնճարի Եւ Պէյրութի Մէջ Բնակող Այնճարցիներուն
Գաղութային

ԱՖՀԻԼ-ի Եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէի Համագործակցութեամբ Ապահովագրութեան Քարտեր Յանձնուեցան Այնճարի Եւ Պէյրութի Մէջ Բնակող Այնճարցիներուն

October 21, 2026
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Ձեռագրական Հաւաքածոներու Վերականգնման  Աշխատանքներու Մեկնարկում
Գաղութային

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ձեռագրական Հաւաքածոներու Վերականգնման Աշխատանքներու Մեկնարկում

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.