Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքը կը հաղորդէ, որ երկրին մէջ 18 մայիսի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան ընդհանուր 4823 պարագայ, որոնցմէ 2019-ը` ապաքինած: Մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած է 351 նոր դէպք, եւ 94 վարակակիր արդէն ապաքինած են:
Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 41,850 քննութիւն: