Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Պսակաձեւ ժահրի տիրապետութեան այս օրերուն, յաճախ կրկնուող խօսք է, որ մեր կեանքին մէջ հիմնական փոփոխութիւններ յառաջացած են, իսկ վաղը-միւս օր, երբ այս պատուհասը անցնի-երթայ, պիտի ապրինք բոլորովին տարբեր աշխարհի մը մէջ:
Սպասելով այդ օրերուն (յուսանք, որ սա չվերածուի Կոտոյին սպասման անհեթեթութեան), վստահ ենք, որ ամէն մարդ արդէն կը տեսնէ-կը զգայ, թէ ինչպիսի՞ փոփոխութիւններ տեղի կ’ունենան, իսկ որոշ վիճակներ ալ կը մնան անփոփոխ(ելի):
Արձանագրենք քանի մը փորձառութիւն:
* * *
Անձրեւի եւ այլապէս ինքնամեկուսացում հարկադրող կացութեան բերումով, քանի մը օր ինքնաշարժ չէի վարած: Պէտք էր այցելութիւն տալ շուկաները: Կարօտով բարեւեցի ինքնաշարժիս ղեկը, ու մինչ կողքիս նստած տիկինս սուզուած էր մեր այցելութիւններու ցանկին մէջ, անխօս զրոյց մը ունեցայ ինքնաշարժիս հետ: Ինք ալ զիս կարօտցեր էր: Մտավախութիւն յայտնեցի, թէ արդեօք վարելու վարժութիւնս կորսնցուցա՞ծ եմ: Ինքնաշարժս վստահեցուց, որ կարգ մը վարժութիւններ դիւրին-դիւրին չեն կորսուիր: Շարժակը աշխատցուցի, ճամբայ ելանք եւ յառաջ ընթացանք առանց դժուարութեան: Հը՜մ. հոս բան չէ փոխուած:
* * *
Առաջին խաչմերուկին, հասայ ,կանգ առե ցուցատախտակինւ: Դիմացէս եկողը քանի մը ակնթարթ առաջ հասած էր խաչմերուկ, շարունակելու իրաւունքը իրն էր: Ձեռքի շարժումով մը ցոյց տուաւ, որ իրաւունքը ինծի կը զիջի: Դարձայ անկիւնը, ձեռքով շնորհակալութեան նշան մը ըրի: Ուրեմն… մարդիկ կարծես աւելի ազնիւ ու հանդուրժող դարձած են: Յաճախ պատահած է, որ ինձմէ վերջ խաչմերուկ հասնող մը յառաջ ցատկած է: Հոս ուրեմն բան մը փոխուած է:
* * *
Հասանք աւելի բանուկ ճամբայ մը. առաջին կարմիր լոյսէն առաջ, նկատեցինք ինքնաշարժներու խճողում մը, ոստիկանական ինքնաշարժերու պլպլացող լոյսեր: Խաչմերուկին վրայ երկու ինքնաշարժ իրարու բախած էին, բեռնատար կառքերու վրայ կը բարձուէին, երթեւեկը դանդաղած էր: Հոս, ուրեմն, բան չէ փոխուած:
* * *
Հասանք առաջին նպարատունը: Երբ դրան կը մօտենայի, ներսէն երեւցաւ երիտասարդ մը. քաղաքավարօրէն դուռը բացաւ եւ լայն ժպիտով մը հրաւիրեց ներս: Չէ՛, վաճառատան աշխատողներէն մէկը չէր, այլ գնումը աւարտած յաճաղորդ մը, որ յարգալիր թոյլ տուաւ, որ ներս մտնեմ, յետոյ դուրս ելաւ եւ դուռը փակեց: Սպիտակած մազերս հաւանաբար դեր մը ունէին: Այլ օրերու ալ նման վերաբերմունքի արժանացած եմ, սակայն երբեմն ալ ետեւէս եկող մը կամ ներսէն դուրս գալու պատրասուող մը փութացած են կանխելու զիս: Հոս բան մը փոխուա՞ծ է արդեօք:
* * *
Քանի մը կարմիր լոյս անդին, տեսայ, որ մարզանքի հագուստ հագած՝ միջին տարիքի մարդ մը ելեկտրական սիւն մը ձերբակալած է եւ կարծէք թէ կը փորձէ զայն տեղաշարժի ենթարկել: ,Խե՞նթ է, ի՞նչ էե, մտածեցի բարձրաձայն՝ մտածելով վարակին հոգեբանական ազդեցութիւններուն մասին: Տիկինս բացատրեց, որ մարդը մարզանք կ’ընէ կեցած տեղը: Չկրցայ վճռել, թէ բան մը փոխուած է հոն:
* * *
Քիչ մը հեռու տեղ հասնելու համար, պէտք է մտնէինք ազատուղի (freeway): Օրուան այդ ժամուն, սովորաբար գեր-խճողուած կ’ըլլար այդ ուղին: Այսօր, ո՛չ ետիս, ո՛չ ալ առջեւս ինքնաշարժ կար: Բաւական հեռուէն մէկը կը փորձէր ինծի հասնիլ, իսկ առջեւէս գացողը թիթեռնիկի մը չափ կ’երեւէր: Հոս մե՜ծ փոփոխութիւն տեղի ունեցած է ուրեմն:
Քանի մը վայրկեան ետք, ետեւէս հասան քանի մը ինքնաշարժ: Անոնցմէ մէկը անցաւ աջ կողմէս, բաւական յառաջացաւ եւ մտաւ իմ առած գիծս: Հոս ալ բան մը փոխուած է: Ուրիշ ատեն, վստահաբար առջեւս պիտի ցատկէր կողքէս անցնելէ անմիջապէս ետք: Երբեք չեմ կրցած բացատրութիւն գտնել նման վարմունքի, երբ ապահով տարածութիւն պահելու անսահման կարելիութիւն կայ:
Դատողութեանս կեանքը կարճ եղաւ: Քանի մը ակնթարթ ետք, ձախ կողմէս մէկը (հազիւ ժամանակ ունեցայ ստուգելու, որ դեռխաշ երիտասարդ մըն է) սուրալով յառաջ անցաւ եւ անմիջապէս իմ առած գիծս կտրելով՝ դէպի աջ ուղղուեցաւ եւ դուրս եկաւ ազատուղիէն: Մեքենաբար ոտքս գնաց արգելակին: Ըսի, չէ՞. ճամբան գրեթէ ամայի էր. կրնար դանդաղիլ եւ ետեւէս կտել գիծերը, դուրս գալ վազքուղիէն: Ուրեմն, անփոփոխ բաներ ալ կան ազատուղիին վրայ:
* * *
Հասանք մեր գլխաւոր հասցէ-վաճառատունը: Առջեւը՝ փոքր շարք: Շուք անկիւն մը գտայ եւ կանգնեցուցի ինքնաշարժս: Տիկինս խորհուրդ տուաւ, որ մնամ ինքնաշարժին մէջ, ինք ,արագ մըե առնելիքները կը բերէ: Ձայնասփիւռին ապաւինելով՝ սկսայ չորս դիս դիտել: Դիմացս, իրարմէ բաւական հեռու, գրեթէ միաժամանակ կանգ առին երկու ինքնաշարժ: Առաջինէն դուրս եկաւ բարձրահասակ տիկին մը, ձեռքին լայնկեկ պայուսակ մը, իսկ երկրորդէն վար իջապ գունտ ու կլոր երիտասարդ մը, պարապ ձեռքերով, ծխախոտի պատառիկը շրթունքին: Զիրար չէին կրան տեսնել՝ զիրենք բաժնող ինքնաշարժներուն պատճառով: Հազիւ 10-12 քայլ առած էին, երբ յանկարծ, կարծէք թէ նոյն ժամացոյցէն զսպանակուած, կանգ առին, վերադարձան իրենց ինքնաշարժները: Արդեօք շա՞րքը տեսած էին եւ կը նախընտրէին նուազ խճողումի պահու մը վերադառնալ: Բայց ո՞վ կրնայ գիտնալ թէ ե՞րբ կը վերջանայ խճողումը: Բայց… չմեկնեցան: Ծռեցան բաց դուռներէն ներս, բաներ մը փնտռեցին, փակեցին դուռները եւ ուղուեցան վաճառատուն: Դիմակ դրած էին: Անպայման որ բան մը փոխուած է հոս…
* * *
Վերադարձի ճամբուն վրայ, երբ արդէն ազատուղին մեր ետին ձգած էինք, կ’անցնէինք գեր-վաճառատան մը առջեւէն: Տիկինս նկատեց, որ անոր առջեւ շարք չկար: ,Երկու օր առաջ, առտու, ստիպուած էի հոս գալ: Շարքը քանի մը հարիւր մեթր էր. մինչեւ ներս մտնեմ, աւելի քան 20 վայրկեան մնացի շարքին մէջե, գանգատեցաւ արդարօրէն, որովհետեւ այդ օրը անձրեւոտ ալ էր: ,Հիմա բանի մը պէտք ունի՞նք: Եկո՛ւր, քէֆի համար մտնենքե, ըսի կէս-կատակ: Թէեւ անմիջական բանի մը պէտք չունէինք, բայց խճողումի բացակայութիւնը փորձութեան մատնեց մեզ: Մտանք առօք-փառօք: Յետմիջօրէն գրեթէ կիսուած էր: Ժամը կը մօտենար 4-ի: Ոչ-ստիպողական բաներ փնտռելով, կ’անցնէինք դարակերու այն բաժինէն, որ մեր նախորդ այցելութիւններուն դատարկ կ’ըլլար: Կռահեցի՜ք անշուշտ. թուղթէ թաշկինակներու եւ լուացարանի թուղթերու դարակներն էին: Եւ… Ո՜վ զարմանք: Դարակները կիսով բեռնաւորուած էին քանի մը տեսակի թուղթերով: ,Բան մը փոխուած էե, փսփսացի: Կ’երեւի թէ մարդիկ նախորդ շաբաթներու թափով չեն ,կողոպտերե այս դարակները: Սա նշան մըն է որ… Պսակաձեւին ազդեցութիւնը սկսած է մեղմանալ:
* * *
Տուն դարձէս ետք, պատկերասփիւռը, ըստ սովորութեան, քովը կանչեց զիս: Քանի մը վայրկեանէն՝ լուրերու հաղորդում: Իբրեւ առաջնահերթ լուր՝ հաղորդեցին նախագահ Թրամփի եւ գործակիցներուն հանդիպումը՝ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ: Օ՜. հոս մե՜ծ փոփոխութիւն նկատեցի: Նախագահը մէկի տեղ բազմաթիւ ցնդաբանութիւններ դուրս տուաւ, իրականութիւններէ խուսափելու համար վէճի բռնուեցաւ մէկէ աւելի լրագրողներու հետ, յանդիմանութիւններ բաժնեց ասոր-անոր, յոխորտաց, որ ինք ըրած է եւ կ’ընէ կարելին, լաւագոյնը, անմրցելի է եւ այլն եւ այլն:
Իմ մէջս ալ բան չէր փոխուած. գտայ ուրիշ կայան մը, փորձեցի մխիթարուիլ, որ ան իր տեսակին մէջ միակը չէ, մինչեւ իսկ եթէ անմրցելի է…
16 Ապրիլ 2020


