Նետերլանտներու կրթութեան նախարար կրթութեան նախարար Արի Սլոպ յայտեց, թէ կ՛ափսոսայ, որ չէ կրցած այցելել Երեւան եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին մէջ իր յարգանքի տուրքը մատուցել: Սլոպ «Արմէնփրես»-ին փոխանցած իր ուղերձին մէջ յիշած է հինգ տարի առաջ` Ցեղասպանութեան 100-ամեակին օրը Երեւան կատարած իր այցելութիւնը:
«5 տարի առաջ ես ներկայ էի Երեւանի մէջ կատարուած այդ սարսափելի իրադարձութիւններուն 100-ամեակի ոգեկոչման: Հիմա, 5 տարի ետք, իբրեւ նախարար, յուշարձանին մօտ իմ յարգանքի ծաղիկս պիտի դնէի, ափսոս որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով այդ մէկը չիրականացաւ: Բայց այս ուրբաթ մենք կը յիշենք այն հայերը եւ միւս ազգերը, որոնք զոհ գացին 105 տարի առաջ: Մենք նոյնպէս կը միանանք Նետերլանտներու մէջ ապրող հայերուն, որոնք 105-ամեակի ոգեկոչման արարողութիւնը ուրիշ ձեւով` լռութեամբ պիտի յարգեն», ըսաւ նախարարը:



