Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԻՒՏՃԷԻ ՆԱԽԱԳԻԾԸ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐԱԳՈՅՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԷՆ Է» ՇԵՇՏԵՑ ԻՊՐԱՀԻՄ ՔԱՆԱԱՆ

January 11, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իպրահիմ Քանաան` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ քաղաքական կամ տեղեկատուական որեւէ յայտարարութենէ աւելի, լիբանանցիներուն կը հետաքրքրէ երկրին ընկերային եւ տնտեսական իրավիճակը:

Քանաան նշեց, որ երկրին ընկերային հարցերուն արմատական լուծումներ գտնելու առումով  Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը հիմնական կողմերէն կը նկատուի եւ այդ իմաստով ան կը գործէ օրինական չափանիշերով եւ ընկերային արդարութեան հիման վրայ:

Քանաան ընդգծեց շինիչ երկխօսութեան կարեւորութիւնը` Լիբանանի մէջ աշխատավարձերու թղթածրարին նկատմամբ ամբողջական մօտեցում ցուցաբերելու եւ լիբանանցի աշխատաւորին արդար յաւելում տրամադրելու համար:

Ելեւմտական մարզին վերաբերող համախմբումին քննարկումներուն մասին խօսելով` Քանաան շեշտեց, որ նախ եւ առաջ իրենց աշխատանքին նպատակն է կարգաւորել եւ օրինականացնել տարբեր հաստատութիւններուն աշխատանքը եւ ոչ թէ ժողովուրդին շահերը պատշաճեցնել պատասխանատուներու շահերուն:

Այս ծիրին մէջ, Քանաան ընդգծեց խորհրդարանական վերահսկողական աշխատանքին կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ իննսունականներէն ի վեր պետական պիւտճէի եւ ելեւմտական հաշիւներու ու հաշուեկշիռներու չգոյութիւնը զուգադիպութիւն չէ: «Պետական պիւտճէի նախագիծը կառավարութեան, ինչպէս նաեւ գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն կարեւորագոյն պարտականութիւններէն է, իսկ առաջնահերթութիւն նկատուող այս թղթածրարէն լիբանանցիներուն ուշադրութիւնը շեղելու փորձերը քաղաքացիներուն իրաւունքը ջնջելու եւ իրականութիւնները ժխտելու փորձեր են», ըսաւ Քանաան:

Այս առումով ան կարեւոր նկատեց նաեւ Պետական հաշուեքննիչ խորհուրդի դերակատարութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա դատական մարմին է եւ 1993-էն ի վեր կը գործէ իբրեւ այդպիսին: «Հետեւաբար, մենք մեր քաղաքական անձնական կեցուածքներով չէ որ կ՛առաջնորդուինք, այլ` կը դիմենք դատական մարմիններուն եւ օրինական կեցուածքներուն», աւելցուց ան:

Քանաան շեշտեց նաեւ, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը քննարկած է նաեւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի մատնանշումները` ելեւմուտքի նախարարութեան մասին: Ան դիտել տուաւ, որ անհրաժեշտ է մատը վէրքին վրայ դնել, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի լուրջ եւ պատասխանատու լուծումներու յանգիլ:

Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով` Քանաան նշեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին նպատակն է պետութեան մէջ թափուր մնացած պաշտօնները լեցնել եւ այս իմաստով ան քաղաքական պատասխանատուները կը մղէ աշխատանքի, որպէսզի կարելի ըլլայ արդիւնքներու յանգիլ:

Քանաան նշեց, որ Ռայի պատրիարքը այս կամ այն թեկնածուին միջեւ նախընտրութիւն չունի եւ ան լաւագոյնը կ՛առաջարկէ լիբանանեան պետութեան եւ պետական հաստատութիւններուն համար:

 

Նախորդը

«ԿԸ ՄԱՂԹԵՄ, ՈՐ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԻ ՍՐԲԱԳՐՈՒՄԻՆ ԳԾՈՎ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԳՈՅԱՆԱՅ» ՅԱՅՏՆԵՑ Փ. ՄԱՆՃԵԱՆ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԶԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.