Պետական նախարար Փանոս Մանճեան մաղթեց, որ աշխատավարձի սրբագրումին գծով կարելի ըլլայ համաձայնութիւն մը գոյացնել եւ լրատուամիջոցներուն մէջ այդ թղթածրարին քննարկումին վերջ տալ:
Փ. Մանճեան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է յանգիլ այնպիսի օրինական լուծումի մը, որ կը գոհացնէ բոլոր աշխատաւորներն ու գործատէրերը, ինչպէս նաեւ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասը:
Մանճեան շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին մէջ հարցեր չկան` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ապահովական հարցերը վստահիլ լիբանանեան ապահովական ուժերուն եւ այդ թղթածրարը տեղեկատուական քննարկումներէ հեռու պահել:


