Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Ալինա Նիկողոսեան դիմատետրի իր էջով տեղեկացուց, որ Հայաստանի մէջ հաստատուած դէպքերուն ընդհանուր թիւը, 9 ապրիլի դրութեամբ, 921 է` 28 նոր դէպքով: Ապաքինած է 24 հոգի` բուժուածներուն թիւը հասցնելով 138-ի:
9 ապրիլի դրութեամբ արձանագրուած է նաեւ մահուան 1 նոր դէպք` 80-ամեայ վարակակիր մը, որ ծանր աստիճանի թոքաբորբ եւ այլ հիւանդութիւններ ունէր:
Իսկ Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ 9 ապրիլին ի յայտ եկած է, որ քննութեան ենթարկուած երեք քաղաքացիներէն երկուքը «Քորոնա» ժահրով վարակուած են: