Եւրոպական միութիւնը Հայաստանին պիտի տրամադրէ ընդհանուր առմամբ 92 միլիոն եւրօ` անյետաձգելի եւ կարճաժամկէտ կարիքներուն աջակցութեան նպատակով: Միջոցները պիտի ուղղուին բժշկական սարքաւորումներու մատակարարման, բժշկական անձնակազմի եւ տարրալուծարանի աշխատակիցներու վերապատրաստութեան, փոքր ու միջին ձեռնարկութիւններուն եւ գործարար հանրութեան աջակցութեան, ինչպէս նաեւ «Քորոնա» ժահրի բռնկման հետեւանքներէն տուժածներու ընկերային եւ մարդասիրական օգնութեան: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան քաղաքական, մամլոյ եւ տեղեկատուութեան բաժանմունքէն: