Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Նախագահը Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Պոլսոյ Պատրիարքին Եւ Պետրոս Շիրինօղլուին Հետ

April 9, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յետմիջօրէին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն  ունեցաւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանի եւ Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին հետ:

Թուրքիոյ նախագահը Պոլսոյ պատրիարքին շնորհակալութիւն յայտնած է` հայ համայնքին կողմէ «Մենք ինքնաբաւ ենք» հանգանակութեան բերուած մասնակցութեան համար: Համայնքի նուիրատուութեան մասին գոհունակութիւն յայտնելու առընթեր, Էրտողան հետաքրքրուած է թրքահայ կեանքին մէջ առկայ խնդիրներով:

Թուրքիոյ նախագահը դիտել տուած է, որ պետութիւնը դիւրութիւն ընծայած է Թուրքիոյ մէջ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան շարք մը քաղաքացիներու, որպէսզի կարենան վերադառնալ իրենց երկիրը: Միեւնոյն ժամանակ, Էրտողան շեշտած է, որ Թուրքիա կը նախատեսէ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի ծիրին մէջ դեղօրայքի օժանդակութիւն կատարել Հայաստանին:

Իր կարգին, Սահակ արք. Մաշալեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ նախագահին` իր նախաձեռնած հեռաձայնային հաղորդակցութեան համար:

Նախագահ Էրտողանի եւ Պետրոս Շիրինօղլուի միջեւ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին եւս քննարկումները ծաւալած են նոյն առանցքին շուրջ: Էրտողան շնորհակալութիւն յայտնած է հայ համայնքային հաստատութիւններուն կողմէ հանգանակութեան արշաւին բերուած մասնակցութեան համար:

 

Նախորդը

Աւագ Շաբթուան Մեկնարկ. Աւագ Շաբաթը՝ Հոգիներու Լուացման Առիթ

Յաջորդը

Ռուսիան Պատրաստ Է Ազրպէյճանի Հետ Բանակցիլ Զինուորական Օդանաւերու Մատակարարման Շուրջ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.