Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօրուան Մարտահրաւէրը

Մարտ 31, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻԼՎԻԱ ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ

2019 տարեշրջանը փակուեցաւ բաւական իրարանցում ստեղծելով զանազան լրատուամիջոցներու մէջ, խիտ տողեր լեցնելով միջազգային ու տեղական թերթերուն էջերը եւ խճողելով հանրային ցանցերու երթը…

Իրարանցումին մեկնարկը եղաւ Ամազոնեան անտառներու հրդեհը, ապա` Լիբանանի լեռնային շրջաններուն մէջ ծագած հրդեհը, հասնելով մինչեւ Լիբանանի ներքին եւ պետական իրարանցում, իսկ ոմանք հետաքրքրուեցան Աւստրալիոյ հրդեհով եւ ցաւեցան քուալաներու մահուան համար… Այս բոլորին պատճառով Լիբանանի իւրաքանչիւր շրջան, իւրաքանչիւր քաղաքացի իրարանցումի մէջ մտաւ` խօսելով այս բոլոր նիւթերուն մասին, տեսակէտ արտայայտելով, կարծիքներ դրսեւորելով…

Բայց եւ այնպէս եղաւ անսպասելին ու չնախատեսուածը: Ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը իր վրայ հրաւիրեց «Քորոնա» ժահրը, որ սպառնալիք դարձաւ բոլորին:

Արդարեւ, այսօր ոչ միայն Լիբանան, այլ աշխարհն ամբողջ հերթաբար ստացան հարուած մը, որ բաւական տարբեր է վերոյիշեալ նախկին ամիսներու խուճապէն: Այսօր «Քորոնա» ժահր անունով հիւանդութիւնը` քանդելով ժողովուրդի մտքի հանգստութիւնը, բնական կեանքն ու առօրեան, գլտորելով հասաւ աշխարհի գրեթէ ամէն անկիւն` մարդոց բնականոն առօրեային սպառնալիք դառնալով: Ձիւնագնդակի նման օրէ օր մեծնալով` ան կը շարունակէ իր վտանգաւոր երթը:

Այսօր ամբողջ ժողովուրդ մը կը գտնուի այնպիսի իրականութեան առջեւ, որ կարելի չէ ամբողջութեամբ կասեցնել զէնքի, պետական ժողովներու, դաշինքներու եւ կամ ցոյցերու միջոցով… Սակայն այս մէկը բնաւ չի նշանակեր յանձնուիլ այսպիսի «թակարդներու», եւ մոլորիլ տարածուած յոռետեսական լուրերով:

Այ՛ո, ճիշդ է, որ այս նորատարած հիւանդութիւնը կարողութիւնը ունի խլելու կեանքեր, եւ դժբախտաբար անոր փոխանցումը երկիրներու եւ մարդոց միջեւ շատ արագ է, սակայն անոր մահուան համեմատութիւնը, բաղդատած այլ տարածուած հիւանդութիւններու, նուազ է:

Հարկ է, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի զինուի ճշգրիտ գիտելիքներով` արգիլելու համար այս հիւանդութեան սրընթաց վազքը, եւ անհրաժեշտ է յատկապէս յատուկ ուշադրութիւն դարձնել տարեցներուն, որոնց մարմնի դիմադրողականութիւնը աւելի տկար է, քան աւելի նուազ տարիքի խումբերու: Նաեւ իւրաքանչիւր անձ պէտք է գիտակցութեամբ մօտենայ ստեղծուած կացութեան, հետեւի տրուած ցուցմունքներուն ու խորհուրդներուն, որոնց ճամբով կարելի է մեղմացնել ժահրին սպառնալիքը, յատկապէս առաջքը առնել անոր տարածման` նաե՛ւ մեր ընտանիքներուն մէջ, մեր սիրելիներուն:

Այսօր Լիբանանի մէջ, առանց բացառութեան, իւրաքանչիւր շրջանի մէջ պատուոյ սեղանին վրայ է այս հիւանդութեան նիւթը, որ, խեղդելով տեղական բոլորը հարցերը եւ կուրցնելով քաղաքացիին մտային վերլուծութեան կարողականութիւնը, կը մոլորեցնէ ժողովուրդը: Այսօր օրական դրութեամբ թիւերու մասին յայտարարութիւններ կը կատարուին, տեղեկութիւններ կը տրուին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն եւ անկէ մահացողներուն մասին, շփոթ կայ, վախ, սարսափ, երբեմն անտրամաբանական արարքներու կը դիմուին, սակայն այս բոլորին դէմ պէտք է եւ կարելի է պայքարիլ միայն գիտակցութեամբ, վճռականութեամբ եւ համբերութեամբ` առանց չսերտուած քայլերու դիմելու:

Իբրեւ հիւանդապահուհի` կ՛ուզեմ նաեւ գնահատել իւրաքանչիւր քաղաքացի, որ այսպիսի պայմաններու մէջ կը գիտակցի նուիրուածութեան ժահրին դէմ պայքարող բոլոր հիւանդապահներուս, բժիշկներուն եւ «անյայտ զինուորներուն», որոնք իրենց առողջութիւնը վտանգի տակ դնելով` իւրաքանչիւր օր զոհաբերութեամբ կը մասնակցին այս «կոյր պատերազմին»: Անցած կիրակի օր լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ Լիբանանի քաղաքացիներուն  կողմէ հնչած իւրաքանչիւր ծափահարութիւն իսկապէս գոհունակութեամբ եւ արցունքներով լեցուց իւրաքանչիւրիս սիրտն ու էութիւնը` պահ մը մոռցնել տալով, որ կը գտնուինք այս դաժան պատերազմի ռազմաճակատին վրայ: Շնորհակալութի՛ւն բոլորին` մենք միշտ պատրաստ ենք ծառայելու բոլորին:

Միշտ ալ ականատես եղած ենք մարտահրաւէրներու, որոնք սպառնացած են այս կամ այն ժողովուրդին ու երկրին,  սակայն այսօր այս մարտահրաւէրը համաշխարհային է, եւ բոլորը կը պայքարին նոյն նպատակին համար` փրկելու համար կեանքեր… Սակայն որքան ալ որ մեծ ըլլայ մարտահրաւէրը, հարկ է թափանցել անոր խորը, դիտել կացութիւնը  քառակուսի տուփի սահմաններէն դուրս, չմոլորիլ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրուող, մեր բջիջայիններուն հասնող լուրերով, որոնց հիմնական տոկոսը անճիշդ է եւ անհատը շփոթի մատնող: Այս բոլորը կը ղեկավարուին մեծ պետութիւններու «բեմադրիչներու» կողմէ, ուստի պէտք է զգուշ ըլլալ, չհաւատալ ամէն ինչի, չյուսալքուիլ` դիտելով յուսահատեցնող վիտէոներ, այլ հաւատալ, որ այս մարտահրաւէրին ալ կարելի պիտի ըլլայ յաղթել` տունը մնալով, ցուցմունքներուն հետեւելով, որպէսզի կացութիւնը չվատթարանայ եւ հակակշիռէն դուրս չգայ:

 

 

 

Նախորդը

Վիտալի Բալասանեանն Ու Արայիկ Յարութիւնեանը Գնահատեցին ՀՅԴ-ն. « Ոեւէ Ընտրուած Ղեկավար Սիրով Պիտի Համագործակցի Դաշնակցութեան Հետ»

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրին Ընթացքին Թուաբանական Պատկերացումը. Նոր Զարգացումներ Բ.

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?