ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Օրուան խոշոր մէկ մասը կը վատնենք հետեւելով «Քորոնա» վարակի տարածման իւրովի եւ յաճախ անհիմն ենթադրութիւններու: Ի՞նչ կ՛ըսեն, մինչ այդ, վիճակագրական գծագիրները (graph):
Համաշխարհային Պատկեր.- Ընթերցողներէն ոմանք թերեւս կը հետեւին միջազգային կայքերու, ինչպէս «Worldmeter», ուր կը տեսնեն նման գծագիրներ: Կապոյտ (բարձր) գիծը կը ներկայացնէ վարակներու թիւը, իսկ ծիրանագոյն (ցած) գիծը` մահերու: Նկատել, որ աջ առանցքի (axis) միաւորները տասն անգամ փոքր են` բաղդատած ձախին (1): Վարակի աճը ներկայիս օրական շուրջ 11 տոկոս է (2): Մահերը գրեթէ զուգահեռ են: Միջին հաշուով մահացած է վարակուողներուն 4,7 տոկոսը: Այստեղ կան երկու նկատողութիւններ: Նախ այն, որ կը մահանան անոնք, որոնք քանի մը օրեր առաջ վարակուած են: Այդ միջոցին վարակի թիւը ի հարկէ կ՛աճի եւ, հետեւաբար, մահացողներուն տոկոսը արհեստականօրէն կը նուազի: Իսկական տոկոսը ուրեմն աւելի բարձր է: Ապա այն, որ վարակուողներուն ստացած խնամքը, ուրեմն նաեւ մահացութիւնը, մեծապէս կը տարբերին երկրէ երկիր:
Այնքան ատեն որ աճի թափը չի նուազիր, կարելի չէ աւարտի թուականը գուշակել: Եթէ վճռական քայլեր չառնուին, այդ օրը մօտալուտ չի կրնար ըլլալ:
Վերի գծագիրը առերեւոյթ չի հետեւիր վարակի տարածման ձեւաչափին (3): Պատճառը այն է, որ հրատարակուած ընդհանուր վիճակագրութիւնը գումարն է (Գ = Գումար) Չինաստանէն ներս (Չ) եւ դուրս (Դ) արձանագրուած վարակներուն: Ժահրը Ուհանի մէջ նկատուած էր 2019 դեկտեմբերի վերջաւորութեան, մինչդեռ այլ երկիրներու մէջ` 2020-ի փետրուարի վերջին շաբթուան ընթացքին, երբ Չինաստանի մէջ նոր վարակներու թիւը արդէն իսկ կը նուազէր (3): Այս ընթացքը որակային (qualitative) ձեւով կը տեսնենք կողքի գծագիրին մէջ: Գումարը գրեթէ կը կայունանայ, ապա յանկարծ կտրուկ կը թռչի դէպի վեր: Այժմ Չինաստանէն դուրս վարակներու թիւը տասնապատիկ աւելի է: Իսկական վիճակագիրները զանազան պատճառներով փոքր ու խոշոր շեղումներ կ՛ունենան գծագիրի ողորկ ընթացքէն:
Հայաստան եւ Լիբանան.- Կան որակային առումով որոշ նմանութիւններ: Երկու փոքր երկիրներու մէջ ալ սկզբնական աճը շատ բարձր էր: Հայաստանի մէջ օրական 55 տոկոս, իսկ Լիբանանի` 26 տոկոս: Այդ այնքան սարսափելի չէ, որքան կը թուի: Ենթադրենք, թէ առաջին օրը կար 5 վարակ, իսկ երկրորդ օրը` նոյնպէս 5: Այդ կը նշանակէ ահաւոր 100 տոկոսի աճ: Ուրեմն, երբ թիւերը փոքր են, վիճակագրութիւնը մեծ իմաստ չ՛ունենար: Նկատել այնուամենայնիւ, թէ Հայաստանի սկզբնական աճը մօտ կրկնապատիկն է Լիբանանի սկզբնական աճին: Վարակներու ընդհանուր թիւը գրեթէ հաւասար է, մօտ չորս հարիւր, բայց պէտք է նկատի առնել, թէ երկու նախարարութիւնները տարբեր ձեւերով կը հաշուեն վարակները: Կան անկողնային եւ ոչ անկողնային հիւանդներ:
Հայաստանի մէջ անցեալ շուրջ տասը օրերուն աճը եղած է մօտ 15 տոկոս: Ատիկա բարձր է համաշխարհային միջինէն: Եթէ վարակը (գծագիրին մէջ I) նոյն թափով ընթանայ, ապա նուազ քան շաբաթ մը ետք թիւը աւելի քան պիտի կրկնապատկուի (4): Աւելի եւս մտահոգիչ նկատողութիւնը այն է, որ գծագիրի կորութիւնը դէպի վեր է (5): Այդ կը նշանակէ որ աճը տակաւ թափ կ՛առնէ: Մեկնաբանութիւնը կը թողում ընթերցողին:
Լիբանանի մէջ նախարարութեան ներկայացուցած վերջին օրերու պատկերը աւելի յուսադրիչ է: Մարտ 19-21-ի մեծ ոստումէն ետք (54 տոկոս), միջին աճը եղած է շուրջ 9 տոկոս (7): Աւելի եւս յուսադրիչ է այն նկատողութիւնը, որ գծագիրը դէպի վա՛ր կը կորանայ: Աճը կը նուազի դէպի 6 տոկոս: Ատիկա զգալիօրէն ցած է վերը յիշուած համաշխարհային աճէն: Մեկնաբանութիւնը կը թողում ընթերցողին:
Նկատողութիւնը աւելի յուսադրիչ պիտի ըլլար, եթէ 100 տոկոս ապահով ըլլայինք, թէ առողջապահութեան նախարարութիւնը կրնար երկրի տարածքին բոլո՛ր ախտաճանաչումները կատարել: Յուսամ, որ այդպէս է կամ` պիտի ըլլայ: Ի դէպ, նախարարութեան այսօրուան հրապարակումը (լոկ 8 վարակ, գծագիրին մէջ թեթեւ նշուած ) հաւաստի չէ, որովհետեւ կ՛իմանանք, թէ կարգ մը տարրալուծարաններ «Սապաթ» (Հանգստեան օր) կը պահեն …
Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ բուժուած են գրեթէ հաւասար թիւով անձեր (շուրջ 30): Մահացողներուն թիւը, սակայն, շատ տարբեր է: Լիբանանի մէջ տասնմէկ, իսկ Հայաստանի մէջ` լոկ երեք: Այս` բացատրութեան կը կարօտի: Նկատի ունենալով, որ վարակի դիմադրողականութիւնը մեծապէս կախեալ է ենթակայի տարիքէն, հարկ է տեսնել երկու երկիրներու ժողովրդագրական (demographic) պատկերը: Հայաստանի մէջ խոշոր տոկոս կը կազմեն թշուառ տարեցները: Դժբախտաբար պաշտօնական հրապարակումները չեն համապատասխաներ իրականութեան, որովհետեւ այդտեղ նկատի չեն առնուիր «խոպան» աշխատանքի համար մեկնողներու եւ արտագաղթողներու թիւերը (8): Այս մասին կարելի է անդրադառնալ, երբ յաջողիմ հաւաստի տուեալներ ունենալ: Դիմումներս ցարդ կը մնան անպատասխան:
30 մարտ 2020
«K» տառը կը նշանակէ «քիլօ», յունարէն` հազար, «խիլոի», իսկ «M» ի հարկէ միլիոն:
- Օրէ-օր համեմատական աճը կարելի է հաշուել` հիմնուելով գծագիրի հակումին (slope): Թուաբանութեան լեզուով` ածանցին (derivative): Կողքի գծագիրին մէջ ΔLog(I)/Δt = 1.8/40 = 0.045, բայց ΔLog(I) կը նշանակէ Log(If /Ii), այսինքն աւարտական եւ սկզբնական աճերու համեմատութեան տիպահամարը (logarithm): Քանի որ բաժնած ենք օրերու թիւով, օրական աճի համեմատութիւնն է 10^0.045 = 1 + 0.109, այսինքն մօտ 11 տոկոս:
Ծանօթ.- Այս հաշուարկը ներառուած է խմբագրութեան պահանջով:
- «Քորոնա» Ժահրի ընթացքին թուաբանական պատկերացումը եւ նախատեսումներ, «Ազդակ», 17 մարտ 2020:
- (1.13)^7= 2.08, այսինքն` 208 տոկոս
- Գծագիրի ածանցի ածանցը դրական է, 2nd derivative > 0 (6)
- Մեծ չարիքի փոքր բարիք մը: Թուաբանական եզրերու հայերէնի ծանօթացում …
- Որ թերեւս պետութեան կողմէ կատարուած զգաստութեան կոչ մըն էր:
- Վիքիփետիա.- «Խոպան, ժամանակակից ժարգոնային բառ, որով բնութագրում են այլ երկրներում ցածր որակի աշխատանքներում ներգրաւուած Հայաստանի քաղաքացիներին»: