ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ճնշուած կը զգաք, բայց օրուան ընթացքին այդ ճնշուածութիւնը պիտի նուազի եւ պիտի հանգստանաք: Փորձեցէք հեռու մնալ հարցերէ, մանաւանդ եթէ անոնք անմիջականօրէն ձեզի հետ կապ չունին:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ճամբորդելու ծրագիրներ ունիք, կ՛ուզէք նոր հորիզոններ բանալ ձեր դիմաց եւ նոր կարելիութիւններ ստեղծել: Ընկերային կեանքի մէջ հաճելի անակնկալներ կը սպասեն ձեզի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր ստեղծագործ եւ նորարար գաղափարներն ու առաջարկները պիտի տպաւորեն նոյնիսկ ձեր հակառակորդները: Պիտի համոզէք բոլորը եւ իրականացնէք ձեր ծրագիրը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ճամբաները կանաչ չեն ձեր դիմաց. ուստի խուսափեցէք կարեւոր որոշումներ տալէ կամ վճռական քայլերու նախաձեռնելէ: Փորձեցէք մնալ խաղաղ եւ կրաւորական:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Միօրինակութենէ դուրս գալու մասին մտածեցէք, զարմացուցէք ձեր շրջապատը, որ կը կարծէ, թէ միշտ չէզոք կեցուածքի տէր էք: Նախաձեռնեցէք եւ պիտի յաջողիք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պէտք է անհրաժեշտ տեղեկութիւններ ձեռք բերէք, որպէսզի ատոր համաձայն բանակցիք եւ օգտուիք աշխատանքի առիթէն: Անտարբեր մի՛ ձեւանաք, սակայն խուսափեցէք աղաչելէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Բարեկամի մը հետ սրտբաց զրուցելու անհրաժեշտութիւն կը զգաք: Մի՛ վարանիք մօտիկի մը դիմելէ, որովհետեւ անպայման կան ընկերներ, որոնք ձեզի հետ ժամանակ անցընելու, խօսելու պատրաստակամ են:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ քաղաքական կամ արուեստի ասպարէզին մէջ աշխատող էք, պիտի զարմացնէք ձեր շինիչ գաղափարներով, որոնք պիտի ընդունուին ձեր շրջապատին կողմէ: Անվարան եւ ինքնավստահ արտայայտուեցէք, որպէսզի սիրաշահիք ձեր շուրջինները:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Նկատելի կերպով պիտի բարելաւուին ձեր պայմանները, համբերութեամբ, հետեւողականութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ նոր նուաճումներ պիտի արձանագրէք ձեր աշխատանքին մէջ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Թէեւ սովորաբար կազմակերպուած կ՛աշխատիք, բայց այսօր քիչ մը տակնուվրայ ու անկանոն առօրեայ պիտի ունենաք` դժուարանալով գործերը իրենց լրումին հասցնել:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ճիշդ է որ ուրիշներու կարծիքը շինիչ կրնայ ըլլալ, սակայն այսօր ձեր որոշումը թող հիմնուի միայն ձեր համոզումներուն վրայ: Լաւ մտածեցէք, ապա որոշեցէք եւ գործեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Սիրային հանդիպումներու, անկեղծ խոստովանութիւններու յարմար օր է: Սէրը պիտի լեցնէ ձեր հոգին, եւ գուրգուրանք պիտի տածէք ձեր սիրեցեալին նկատմամբ, որ կարօտցած էր ձեր կողմէ նման քայլերու: