Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Այնթեպ քաղաքին մէջ գործարար շրջանակներու մէջ այս օրերուն անեքթոտ մը տարածուած է.
«Մենք մեր դրացիներուն հետ այլեւս զերօ խնդիրներ չունինք, մենք այժմ զերօ դրացիներ ունինք առանց խնդիրներու»:
Ասիկա հեգնական յղում մըն է նոր արտաքին քաղաքականութեան, որուն ախոյեանն է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը (ԱԲԿ): Այդ քաղաքականութեան խորագիրը` «Զերօ խնդիրներ դրացիներու հետ», տուած է ատոր ճարտարապետը` արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն:
Այս քաղաքականութիւնը կը նպատակադրէր վերացնել պատմական լարուածութիւնները, որոնք Թուրքիան իր բոլոր դրացիներուն հետ թշնամական վիճակի մէջ պահած էին, եւ վերակառուցելու` առեւտուրի վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ:
Ատիկա աղաղակող յաջողութիւն մըն էր: Միջին Արեւելքի հետ առեւտուրը արագօրէն տարածուեցաւ, մասնաւորաբար` Իրաքի եւ Սուրիոյ հետ, երկու արաբական երկիրներ Թուրքիոյ հարաւարեւելեան սահմանին վրայ:
Աւելի սերտ քաղաքական կապեր յաջորդեցին: Վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հաստատեց անձնական սերտ յարաբերութիւն մը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, երկու երկիրները վերացուցին վիզաները, եւ զբօսաշրջիկներու հոսքը սահմանին վրայով եկաւ երկու ուղղութիւններով:
«ՈՉ ՈՔ ԿՈՒ ԳԱՅ»
Այս տարուան իրադարձութիւնները այդ քաղաքականութիւնը գլխիվայր շրջեցին:
Սկզբնական շրջանին բարեփոխումներ նախաձեռնելու համար նախագահ Պաշշար Ասատը համոզելու փորձէն ետք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը այժմ կ՛առաջնորդէ այն երկիրները, որոնք Ասատի մեկնումը կը պահանջեն:
Ազատ առեւտուրի համաձայնագիրը պատռուած է: Զբօսաշրջութիւնը ամբողջովին դադրած է: Այնթեպը, որ ամէնէն մեծ օգտուողն էր նոր արտաքին քաղաքականութենէն, այժմ ամէնէն մեծ տուժողներէն է արաբական ապստամբութիւններէն:
Այնթեպ այժմ Թուրքիոյ 6-րդ ամէնէն մեծ քաղաքն է, հիւսուածեղէնի, շինարարական նիւթերու եւ սննդամթերքի կարեւոր արդիւնաբերութիւններով, որոնք խուժած են դէպի Միջին Արեւելքի շուկաները: Բնակարանային նոր համալիրներ կը կառուցուին քաղաքին մէջ ամէն կողմ:
Այնթեպի պանդոկներն ու մանր առեւտուրները շատ օգտուեցան սուրիացի այցելուներէ:
Երկամեայ «Սանքօ փարք» մոլը, որ շրջանին մէջ ամէնէն շքեղն է, գլխաւորաբար կառուցուած է սպասարկելու համար սուրիացի յաճախորդներու: Այժմ ակնյայտօրէն լուռ եւ դատարկ է ուրբաթները, այն օրերը, երբ սուրիացիները սովորաբար կու գային:
«Արաբական գարունէն առաջ քաղաքը սուրիացիներով լեցուն էր շաբաթավերջին: Անոնք քանի մը օր պանդոկները կը մնային, գնումներ կ՛ընէին, դրամ կը ծախսէին», կ՛ըսէ Մեհմեթ Ալի Մութաֆօղլու, որուն ընտանիքը սեփականատէրն է «Աքթեքս»-ի` քաղաքի հիւսուածեղէնի մեծ գործարաններէն մէկուն:
«Բայց հիմա, երկու կառավարութիւններու միջեւ ծագած ճգնաժամային կացութենէն ի վեր, ոչ ոք Թուրքիա կու գայ»:
«Աքթեքս» երկու գործարաններ ունի հիւսիսային Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ, եւ ականատես եղած է իր առեւտուրի 30-40 առ հարիւրի սեղմումին, նուազումին:
Սուրիոյ հետ առեւտուրի փլուզումը միակ հարուածը չէ, որ Այնթեպի արտադրողները ստացած են:
Քաղաքին բազմաթիւ արտադրութիւնները Միջին Արեւելքի երկիրներ կը մեկնին Սուրիոյ ճամբով, որ աւելի քան 800 քիլոմեթր երկայնքով սահման ունի Թուրքիոյ հետ:
Այդ ուղին աւելի վտանգաւոր եւ սուղ եղած է: Նոր տուրքեր պարտադրուած են թրքական բեռնատար կառքերու, որոնց վրայ նաեւ կրակած են սուրիական ուժեր:
«Սուրիոյ հետ մեր առեւտուրի գրեթէ 80 առ հարիւրը դադրած է», կ՛ըսէ Ատնան Ալթունքայա, որուն ընտանիքը սեփականատէր է սննդեղէնի եւ խմիչքի արտադրութեան մը:
«Ատիկա սահմանին պատճառով է: Ապահովութիւն չկայ, եւ դուք յաճախ բնաւ չէք վճարուիր»:
«Երբեմն մաքսատան դարպասները կը փակեն, եւ ձեր բեռնատար կառքերը հոն խրուած կը մնան, ապա դուք պէտք է վճարէք, եւ ասիկա կ՛աւելցնէ փոխադրութեան ծախսը»:
Թուրքիոյ սննդամթերք արտադրող ամէնէն մեծ ընկերութիւններէն մէկը` «Պեսըլէր կրուփ» սկսած է իր արտադրութիւններու արտածման համար այլընտրանքային ուղիներ ուսումնասիրել:
Քեմալ Չաքմաք` ընկերութիւնը հիմնադրած հինգ եղբայրներէն մէկը, այժմ կը ղեկավարէ մաքարոնեղէնի իրենց մեծ գործարանը` օգտագործելով բարձրորակ ցորեն, որ կ՛աճի Թուրքիոյ այդ շրջանին մէջ:
Ան կ՛ըսէ, որ բեռնատարներ այժմ Միջին Արեւելք կը մեկնին Իրաքի ճամբով, հակառակ անոր որ ասիկա շատ աւելի երկար եւ սուղ ուղի է:
Չաքմաք նաեւ կը պատրաստուի փորձելու իրենց արտադրութիւնը նաւերով ուղարկել Լիբանան, եւ կառավարութիւնը խոստացած է օգնել արտադրողներուն:
«ՈՉ ՄԷԿ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ»
Այս ձեռնարկատէրերը բոլորն ալ բնական կողմնակիցներն են ԱԲԿ-ի, որ թրքական արդի պատմութեան մէջ առեւտրականներուն հանդէպ ամէնէն բարեկամական կուսակցութիւնն է, եւ անոր տնտեսական ցուցանիշը ընտրական իր յաջողութեան բանալին է:
Այսպիսով, նախագահ Ասատի կռնակ դարձնելու ԱԲԿ-ի որոշումը Այնթեպի որոշ գործարարներ շփոթի մատնեց:
«Եթէ դուք ձեր դրացիին հետ խնդիր ունիք, կը փորձէք լուծել ատիկա: Դուք ձեր դրացիին հետ բոլոր կապերը չէք խզեր: Բայց հիմա Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ ոչ մէկ երկխօսութիւն կայ: Ասիկա լաւ չէ երկիրներուն, լաւ չէ առեւտուրին, լաւ չէ քաղաքներուն մէջ բնակող ժողովուրդին համար», ըսաւ Մուսթաֆօղլու:
Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախարար Զաֆեր Չաղլայան, որ եկած էր բանալու նոր գրասենեակ մը շրջանային արտադրողներուն համար, ջրեց, ժխտեց այս մտահոգութիւնները:
Սուրիոյ հետ առեւտուրին մեծ մասը կը շարունակուի, ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ կառավարութիւնը արտադրութիւններուն համար այլընտրանքային ուղիներ կը փնտռէ: «Ես վստահ եմ, որ Այնթեպի ժողովուրդը համբերող պիտի ըլլայ», ըսաւ Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախարարը:
Բայց այլընտրանքները (նաւով փոխադրել կամ Իրաքի միջոցով մեկնիլ) մերժուեցան, հերքուեցան արտադրողներու մեծ մասին կողմէ: Անոնք, որոնց ես հանդիպեցայ, ըսին, որ ատիկա շատ դանդաղ եւ շատ սուղ է: «Այդ այլընտրանքը մեր արտադրութիւնները անմրցունակ պիտի դարձնէ», ըսին անոնք:
Սննդամթերքի հիմնական շուկային մէջ առեւտրականները կը զգան սուրիական գործարքին կորուստը, բայց հոս կառավարութեան կեցուածքին հանդէպ աւելի համակրանք կայ:
Այնթեպի գործարանները իրենց արտադրութիւններուն համար արտահանման, արտածումի այլընտրանքային ուղիներ կ՛ուսումնասիրեն:
Երրորդ ընտրական վճռորոշ յաղթանակը յունիսին նուաճած ԱԲԿ-ն հաւանաբար կրնայ գործարար իր կողմնակիցներուն աջակցութեամբ վտանգներ աչքը առնել:
Թուրք պաշտօնատարներ բացատրած են, որ իրենք սուրիական ընդդիմութեան զօրակցելէ բացի ոչ մէկ ընտրութիւն ունին:
Իրենք կը հաւատան, որ Սուրիոյ նախագահին օրերը հաշուըւած են, եւ թէ` 2011-ի իրադարձութիւնները Թուրքիոյ սորվեցուցած են, որ ինքզինք պէտք է դնէ պատմութեան ճիշդ կողմին վրայ:
Բայց ասիկա կը նշանակէ, որ «Զերօ խնդիրներ» արտաքին քաղաքականութիւնը, որ տասնամեակներէ ի վեր ձեւաւորած է Թուրքիոյ յարաբերութիւնները իր դրացիներուն հետ, այդ քաղաքականութիւնը առ այժմ դարանուած է, եւ տակաւին յստակ չէ, թէ ատոր տեղը ի՛նչը պիտի գրաւէ:
ՃՈՆԸԹԸՆ ՀԵՏ
«Պի. Պի. Սի.»


